ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 13 Դեկտեմբերին, Երեւանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ես եմ» խորագիրով երիտասարդ արուեստագէտներու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին:
Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ռուզան Առաքելեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Կոմիտասին նուիրուած ցուցահանդէսին ճշդուած նիւթով մը պարտադրանք չկար, եւ երիտասարդները ազատ էին իրենց ընտրութիւններուն մէջ:
«Ես եմ» խորագիրը պատահական չէր ընտրուած. այն երկրի տիրոջ զգացողութիւնն է, այլ ոչ թէ ընդգծում է էգօն (եսը-Խմբ.): Մենք ասում ենք՝ «ձեր ես»ը բերէք, ներկայացրէք մեր մշակոյթին, «ես»ով մենք ասում ենք տէր եղէք մշակոյթին, տէր կանգնենք Կոմիտասին եւ նրա նման հանճարեղ մարդկանց մշակոյթին, «ես»ով տէր եղէք մեր հայրենիքին», նշեց Ռ. Առաքելեան՝ փաստելով, որ ամէն ինչ արհեստավարժ մակարդակով իրականացնելու համար կազմուած է խորհուրդ, որուն մէջ ընդգրկուած են գեղանկարիչներ Արթուր Շարաֆեան, Աշոտ Աւագեան, Արմէն Վահրամեան, Շոթա Ոսկանեան եւ քանդակագործ Վիգէն Աւետիս, որոնց մօտեցումը եղած է տաղանդի եւ շնորհքի չափանիշը։
«Այս աշխատութիւնները դրա վկայութիւնն են: «Ես եմ» ասելիս յիշէք Կոմիտասին, յիշէք սահմանում կանգնած տղաներին, հայրենիքին ու ծնողներին եւ հաւատացած եղէք, որ «Ես եմ»ը կը կայանայ: Բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք անցեալից չեն գալիս, չեն կարող ներկայ կերտել, իսկ ներկայ չունեցող ժողովուրդներները չեն կարող ապագայ կառուցել», եզրափակեց Ռուզան Առաքելեան։
Համազգայինի հիմնարկի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցող երիտասարդներուն՝ նշելով, որ այս բոլորը կը վերաբերին մեր յիշողութեան, պատմութեան եւ ազգային նկարագիրին:
Քանդակագործ Վիգէն Աւետիս յայտնեց, որ «Ես եմ» կախարդական բառակապակցութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է. «Իսկական հայը գիտի ասել «Ես եմ», ես տէր եմ իմ գործին, տէր եմ արուեստին», նշեց ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ ամբողջ աշխարհի մէջ այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպելուն, երիտասարդներու տաղանդները յայտնաբերելուն եւ բացայայտելուն համար: