ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Էրեբունի» պատմա-հնագիտական թանգարանը նոր եւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններով յագեցած մասնաշէնք պիտի ունենայ՝ Երեւանի աւագանիի որոշումով, որուն միջոցաւ համաձայնութիւն տրուեցաւ 3 Հոկտեմբեր 2019ին Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի եւ «Ջոն եւ Սօս Բալեան» հիմնադրամին միջեւ կնքուած համագործակցութեան պայմանագիրին: Ծրագիրը կը գնահատուի 1.65 միլիոն տոլարով:
Երեւանի քաղաքապետի խօսնակ Յակոբ Կարապետեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ դիտել տալով, որ ներդրումային այս ծրագիրով նախատեսուած է թանգարանի անմիջական յետնամասին մէջ կառուցել նոր՝ ժամանակակից արհեստագիտութիւններով օժտուած մասնաշէնք, որ ճարտարապետութեամբ պէտք է համահունչ ըլլայ տարածքին, բայց նոյն ժամանակ՝ յագեցած նորարարական արհեստագիտութեամբ: Այս մասին մէջ պիտի ըլլան նոր ցուցասրահներ, ուր պիտի իրականացուին արուեստի ցուցադրութիւններ, եւ այցելուները Երեւանի պատմութեան պիտի ծանօթանան «վըրչուըլ» շրջագայութեամբ: Տարածքին մէջ պիտի բացուին նաեւ գիտական տարրալուծարաններ: Շինարարութեան համար պիտի յայտարարուի նախագիծերու մրցում: