ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, 16 Դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի Բերձոր շրջանին մէջ շահագործման յանձնուած շրջանային բժշկական միաւորման նորակառոյց շէնքի բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վաստակաւոր բժիշկ Արցախ Բունիաթեանի կիսանդրիին:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց անուանի բժիշկին ներդրումը Քաշաթաղի շրջանի զարգացման մէջ՝ նշելով, որ անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ յաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ:
Քանդակին հեղինակ՝ քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեան, իր կարգին նշեց, որ Արցախ Բունիաթեան այն եզակի դէմքերէն էր, որուն համար արցախեան շարժումը էութեան խնդիր էր:
«Քանդակը մեր խոնարհումն է Արցախի վաստակի առաջ, սփոփանք հարազատների եւ յիշատակ բերձորցիների համար: Մենք մշտապէս պէտք է ջատագովենք, մեծարենք եւ վառ պահենք մեր հերոսների յիշատակը», յայտնեց Յովհաննիսեան: