ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեւանի մէջ կազմուած է Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութեան յանձնախումբը, որուն աշխատանքները պիտի համակարգէ նախկին դաշնակցական, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան: Այս յանձնախումբին վերաբերող աւելի մանրամասն մամլոյ ասուլիս պիտի ըլլայ 18 Դեկտեմբերին։
Միւս կողմէ, Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան, չէ բացառած, որ նոր կուսակցութիւն հիմնէ։
Պատասխանելով «Ֆաքթոր»ի հարցումին, թէ արդեօք որեւէ ուժի պիտի զօրակցի՞ն, թէ առանձին կուսակցութիւն պիտի հիմնեն, Լեւոն Քոչարեան յարմար չնկատեց ներկայիս այդ մասին խօսիլ։ Ան նկատեց, որ դժուար թէ համագործակցութիւն ըլլայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հետ, բայց եւ այնպէս ոչինչ բացառեց։