Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, կողքին ունենալով Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանը, Ազգային վարչութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանը եւ Քաղաքական ժողովի ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՛ընկերանային Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինի ատենապետ Սարգիս Արմէնեան եւ փոխատենապետ Գրիգոր Թերզեան՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:
Հայկակ Արշամեան Երեւանէն Պէյրութ ժամանած էր առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցելու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի լիբանանահայ վարժարաններուն տրամադրած հարիւր հազար ամերիկեան տոլարը եւ Արցախի պետութեան նուիրած յիսուն հազար ամերիկեան տոլարը:
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան շնորհակալական խօսքերով ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ. «Այս փուլին, երբ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանր պայմաններ, ձեր զօրակցութիւնը կ՛երաշխաւորէ հայ դպրոցին հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան անընդմէջ շարունակականութիւնը: Ձեր կողմէ մեզի փոխանցուած հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլարը Ազգային առաջնորդարանս պիտի բաժնէ լիբանանահայ 18 վարժարաններուն՝ 5020 աշակերտի կրթաթոշակէն ի դէմս իւրաքանչիւր աշակերտի ըստ կարիքի զեղչելու համապատասխան գումար մը: Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին այս զօրակցութիւնը կը նկատենք շօշափելի արտայայտութիւն Հայաստան-Սփիւռք միասնականութեան եւ գործակցութեան, որուն համար կը յայտնենք մեր հայորդիներուն երախտագիտութիւնը»:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ