
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Ատել Ապտելմահտիի գրասենեակը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մտահոգ է Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու ռմբակոծումներով եւ անհրաժեշտ նկատեց այդ յարձակումները դադրեցնելու քայլերուն որդեգրումը:
Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն ամերիկեան ուժերը հիւրընկալող ռազմակայաններուն դէմ հրթիռարձակումներու դէպքերը շատցած են:
Անցեալ շաբաթ, ամերիկացի զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը զգուշացուց, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն կողմէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը հիւրընկալող ռազմակայաններու ռմբակոծումը բոլոր կողմերը կը մօտեցնէ անվերահսկելի մագլցումի: Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Շաբաթ օր Իրանի կամակատարները ամբաստանեց ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ յարձակումներուն ետին կանգնելու յանցանքով: