ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ անյայտ անձեր դարձեալ ազգային ատելութիւն հրահրող գրութիւններ գրած են ալեւիներու տուներուն վրայ:
Այս անգամ դէպքը պատահած է Պոլսոյ Կազի թաղամասին մէջ շէնքի մը ալեւիներու պատկանող 3 բնակարաններուն պատերուն վրայ, ուր արձանագրած են «X» նշանը եւ «պիտի սատկիս» գրութիւնները:
Գրութիւնը յայտնաբերած ալեւիները դիմեցին ոստիկանութեան, որ հետաքննութիւն սկսաւ։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերին այսպիսի գրութիւններ տեսնուած էին նաեւ Իզմիրի ալեւիներու տուներու վրայ: