ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն թեմի նուիրեալ, Ազգային վարչութեան նախկին անդամ եւ վաստակաշատ ազգային գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, Նափայի մէջ (ՔալիՖորնիա)։
Խաժակ Սարգիսեան շուրջ վեց տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայական հարուստ վաստակ ունի՝ իբրեւ ազգային գործիչ, յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի մեր գաղութի կեանքի կազմաւորման մէջ։ Ան հիմնադիրներէն, ապա տնօրէնը եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանին. հիմնադիրներէն եղած է նաեւ Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին, պետական, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներուն վերատիրացաման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման ու հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց հզօրացման եւ հայապահպանման առաքելութեան։
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալին տիկնոջ՝ Հիլտիին, զաւակներուն՝ Արամին եւ Սեւակին ու ընտանիքներուն եւ թոռներուն, եղբօր Ժիրայրին եւ ընտանիքին, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։
Յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Մանրամասնութեանց համար հետեւիլ մամուլին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ