ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- «Առաջին Լրատուական»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Վահրամ Բալայեան տեղեկացուց, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴի արտակարգ Շրջանային ժողովը թեկնածու առաջադրեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի առանձին ցանկով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Դաշնակցութեան նախաձեռնած հանդիպումները եւ քննարկումները՝ քաղաքական այլ ուժերու, առանձին հաւանական թեկնածուներու հետ ինչո՞ւ արդիւնք չտուին, եւ կուսակցութիւնը նման որոշում տուաւ՝ Բալայեան ըսաւ, որ հանդիպումները տեղի ունեցան երկու փուլերով. «Առաջին փուլում ընդհանուր սկզբունքներն ենք փորձել համաձայնեցնել: Եթէ դուք նկատել էք, մեր յայտարարութեան մէջ այդ սկզբունքները գրուած են: Առաջին փուլում այդ յաջողութիւնը կար, այսինքն՝ գաղափարների շուրջ ընդհանուր կարծիք ձեւաւորուեց: Բայց հետագայում՝ երկրորդ փուլում, երբ սկսեցինք փորձել որեւէ հաւանական թեկնածուի շուրջ հնարաւորինս քննարկումներ կատարել, դա մեզ չյաջողուեց, որովհետեւ ամէն մէկը համախմբումն իր շուրջն է պատկերացնում: Ելնելով այդ հանգամանքներից՝ մենք նպատակայարմար համարեցինք, որ մեր ծրագիրն իրականացնենք կուսակցական թեկնածուի միջոցով: Միաժամանակ, ելնելով մեր կուսակցական ընկերների տրամադրութիւնից, երկրի առջեւ ծառացած հազարումի մարտահրաւէրներից, մենք նպատակայարմար գտանք մեր թեկնածուին ներկայացնել»։
Լրագրողը դիտել տուաւ, որ Դաւիթ Իշխանեան մէկն էր այն անձերէն, որոնք մասնակցեցան վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպման՝ հարցնելով, որ արդեօք այդ ատեն արդէն որոշուա՞ծ էր, որ ինք պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան թեկնածուն յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն:
Վահրամ Բալայեան դիտել տուաւ, որ գրեթէ տարիէ մը ի վեր կուսակցութեան շարքերուն մէջ այս քննարկումը կը կատարուի, եւ քանի մը անգամ յայտարարուեցաւ, որ կան կուսակցականներ, որոնք կրնան յաւակնիլ այդ պաշտօնին, իսկ անոնց կարգին էր Դաւիթ Իշխանեան։ Բայց եւ այնպէս ՀՅԴն փորձեց նախ խորհրդակցութիւններու ընդմէջէն համադրում կատարել եւ համաձայնեցուած թեկնածուի մը պատկերացում ունենալ, սակայն, այդ առումով յաջողութեան չհասնելով՝ ինք առաջադրեց իր թեկնածուն։ «Բայց այն ժամանակ որոշուած չէր, որ պէտք է Դաւիթ Իշխանեանը լինի, եւ ոչ էլ որոշուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպմանը նա պէտք է գնայ: Դաւիթ Իշխանեանը Դաշնակցութեան Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ է՝ առաջին պատասխանատուն, Դաշնակցութիւնը նաեւ կարեւոր ուժ է մեր հանրային կեանքում, իշխանութիւններն այդպիսով նպատակայարմար համարեցին, որ այդ հանդիպմանը նաեւ Դաւիթ Իշխանեանը մասնակցի: Այսինքն՝ ի դէմս Դաւիթ Իշխանեանի՝ նաեւ Դաշնակցութիւնը ներկայ լինի այդ հանդիպմանը», նշեց ան:
Լրագրողի մը յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կարողականութեան՝ նկատի ունենալով, որ իբրեւ մրցակից ունի Արայիկ Յարութիւնեանը, որ, ըստ շրջան ընող լուրերուն, նախընտրելի թեկնածուն է, նաեւ՝ Մասիս Մայիլեանը, որ կը վայելէ հասարակական, դիւանագիտական միջավայրին աջակցութիւնը:
«Ընդհանուր առմամբ Դաշնակցութիւնը 1988 թուականից սկսած մեծ դերակատարութիւն է ունեցել ազգային-ազատագրական պայքարի գործում: Ուզում եմ մէկ անգամ եւս շեշտել, որ այդ պետականութեան ստեղծման առաջին գծում կանգնած է եղել Դաշնակցութիւնը, Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը Դաշնակցութիւնից էր կազմուած, երկրի ղեկավարը դաշնակցական է եղել: Այսինքն՝ այս կուսակցութիւնն իր վրայ այդ բեռը վերցրել է: Ես յիշում եմ, թէ դա ինչքան մեծ պատասխանատուութիւն էր: Այն ժամանակ էլ ասում էինք, որ դա դժուար բան է, բայց անհնարինը հնարաւոր դարձուեց: Մեր ժողովուրդն այդ ամէնը չի մոռացել, Դաշնակցութիւնը պէտք է այս երկրին, պետականութեան կայացմանը: Այսօր էլ մենք բաւականին բարդ ժամանակներում ենք ապրում՝ Արցախեան հիմնահարցի շուրջ քննարկումներ, պատերազմի վտանգ: Հազարումի խնդիրներ կան, ու ես կարծում եմ, որ ժողովուրդն այդ վստահութիւնը կը տայ Դաշնակցութեանը՝ վստահ լինելով, որ Դաշնակցութիւնը այն միակ կազմակերպուած ուժն է, որ կարող է ժողովրդին իր շուրջը համախմբել ու դիմակայել ապագայ մարտահրաւէրներին: Այս տեսանկիւնից մեր հնարաւորութիւնները մեծ են: Ինչ վերաբերում է ֆաւորիտ (նախընտրելի-Խմբ.) թեկնածուին, ասեմ, որ այս ընտրութիւնները իւրօրինակ են լինելու, սա մի նոր իրավիճակ է, եւ հէնց սկզբից կանխորոշուած չէ, թէ ով պէտք է լինի, ինչպէս պէտք է լինի: Հանրութիւնն իր քուէն կը տայ եւ ում կը վստահի՝ նա էլ թող կառավարի երկիրը, մնացածներն էլ կ՛օժանդակեն, որ հարթ ու հանգիստ լինի այս երկրում ապրող ժողովրդի կեանքը», պատասխանեց Վահրամ Բալայեան: