ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին (ՀԸԳՀ) հիման վրայ կազմուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան կոմիտէի երկրորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ համաձայնագիրին կատարման ընթացքը: Լուրը փոխանցեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը։
Համաձայնագիրը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Հայաստանի կառավարութեան յաւակնոտ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական տեսլականին համահունչ բարեփոխումներու իրականացման եւ երկրի արդիականացման մէջ։
Եւրոպական Միութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցարդ Հայաստանի կողմէ բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման յառաջընթացին գծով, մասնաւորապէս դատական եւ փտածութեան դէմ նոր ռազմավարութիւններու ուղղութեամբ: Նոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կայ յաջող համագործակցութիւն ԵՄ-Հայաստան արդարադատութեան երկխօսութեան ծիրին մէջ: Եւրոպական Միութեան կողմը ընդգծեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած բարեփոխումներու ուղիի շարունակութիւնը, եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումը: Բարեփոխումը պէտք է համապատասխանէ իրաւունքի գերակայութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ հիմնուած ըլլայ բոլոր շահագրգիռ կողմերու, ներառեալ՝ հասարակութեան հետ ընդգրկուն երկխօսութեան եւ գործընկերութեան վրայ:
Իբրեւ Հայաստանի բարեփոխումներու առանցքային գործընկեր՝ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց հետագային տրամադրել փորձագիտական եւ ֆինանսական անհրաժեշտ աջակցութիւն՝ բարեփոխումներու մշակման եւ իրականացման, ինչպէս նաեւ ԵՄ չափանիշներուն մօտենալու ուղղութեամբ կառավարութեան կարողութիւններուն ուժեղացման համար:
Գործընկերութեան կոմիտէն քննարկեց նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքը՝ երթեւեկի, ուժանիւթի եւ շրջակայ միջավայրի բնագաւառներուն մէջ՝ ուղղորդելով դէպի հետագայ առաւել մանրամասն քննարկումներու կազմակերպման՝ փորձագէտներու մակարդակով, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ուժանիւթի, երթեւեկի, շրջակայ միջավայրի, կլիմայի գործողութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2020ին, Երեւանի մէջ:
Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կը շարունակուի կրթական բարեփոխումներու շուրջ երկխօսութիւնը: Կողմերը հետամուտ պիտի ըլլան համագործակցութեան հետազօտութիւններու ոլորտին մէջ «Հորիզոն 2020» ծրագիրի հովանիին տակ խորհրդակցութիւններու սկսիլ՝ «Հորիզոն Եւրոպա» ծրագիրին շուրջ: Աւելի՛ն, Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը պիտի դիտարկեն երիտասարդութեան ռազմավարութեան եւ գործողութիւններու ծրագիրի մշակման հնարաւորութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան, Արեւելեան գործընկերութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին համանախագահեցին արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Լիւք Տեւինը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց: