ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս ծանօթ է, «Աթլաս Կլոպըլ» ընկերութիւնը ելեւմտական ճգնաժամի իբրեւ արդիւնք՝ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր Պոլիս-Երեւան թռիչքները, որոնք կը կատարուէին շաբաթը չորս անգամ։ Իբրեւ պատճառաբանութիւն նշուած էր, որ Պոլսոյ նոր օդակայանին բացումէն ետք, երբ թռիչքները սկսած էին այդ օդակայանէն կատարուիլ, ծախսերը բազմապատկուած էին ելեվմտական լուրջ հարցեր ստեղծելով ընկերութեան համար։
17 Դեկտեմբերին, ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ թռիչքները պիտի վերսկսին։ Այն տոմսակները, որոնք գնուած էին 26 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբերի միջեւ գործածելու նպատակով, պիտի վերածուին նոր թուականով տոմսակներու։
21 Դեկտեմբերին պիտի վերսկսին դէպի Հայաստան թռիչքները, դարձեալ շաբաթը չորս անգամ։