
ՓԱՐԻԶ.- Զուիցերացի երեսփոխանի մը հետ՝ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքական գործիչ Սելահէտտին Տեմիրթաշի մասին «Թուիթըր»ի վրայ իր բանավէճին նիւթով Մաքսիմ Կօէն դատ բացած էր Արա Թորանեանի եւ Լորան Լէյլէքեանի դէմ, առաջինը մեղադրելով Armenews-ի մէջ այդ բանավէճի մէկ հատուածին արձագանգելու յանցանքով, իսկ երկրորդը՝ զայն բաժնելու։
Դատական նիստը նախատեսուած էր 10 Դեկտեմբերին, Քլիշիի Առաջին իրաւասութեան նորակառոյց դատարանի 17րդ ատեանին մէջ: Սակայն, դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ Կօէնի փաստաբանին՝ Օլիվիէ Փարտոյի խնդրանքով. դատարանը յաջորդ նիստի թուական ճշդեց 4 Փետրուար 2021ը։
Այդ քայլին համար, Փարտոյի գլխաւոր պատճառաբանութիւնը եղաւ թղթածրարին լաւ տեղեկանալու կարիքը, որովհետեւ Կօէն զինք վարձած էր այս նիստէն հազիւ մէկ շաբաթ առաջ: Ապա նաեւ, մօտիկ անցեալին Ատրպէյճանի փաստաբանութիւնն ալ կատարած Փարտօ դատարանին դիմում մը ներկայացուցած էր դատը QPC-ի պրիսմակով դիտելու պահանջով. QPC՝ սահմանադրականութեան առաջնահերթ հարց (question prioritaire de constitutionnalite): Անիկա շուրջ 20 տարի ետ երթալով՝ կը խնդրականացնէ ֆրանսական այն օրէնքը, որ 29 Յունուար 2001ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ եզրակացնելու համար, որ այդ օրէնքը ծանր կշռած է Կօէնի բացած նախորդ վեց դատերուն՝ Արա Թորանեանի եւ Սամ Թիլպեանի ի նպաստ դատական վճիռներուն վրայ: Իր պաշտպանական տրամաբանութեան շրջածիրին մէջ՝ Փարտօ պնդեց, թէ այդ վճիռներով հարուած հասցուած է արտայայտութեան ազատութեան իրաւունքին: Կօէն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ունեցած էր արտայայտութիւններ, զորս Թորանեան եւ Թիլպեան որակած էին ժխտողական եւ զինք ալ ժխտող, բայց ենթական ատիկա անուանարկութիւն համարելով դատ բացած էր: Ինչպէս անցեալին, ներկայի պարագային եւս Կօէնի համար խօսքի ազատութիւնը միակողմանի ըլլալ կը թուի, եթէ կ՛ուզէ յենիլ այդ պատճառաբանութեան վրայ։ Նշենք, որ բողոքարկուն ինք ներկայ չեղաւ 10 Դեկտեմբերի նիստին: Անոր փաստաբանը ըսաւ, որ ան կը բնակի Թուրքիա եւ օդային գործադուլին պատճառով չկրցաւ գալ։
Թորանեանի փաստաբանը՝ Հանրի Լըքլեր, որ QPC-ի այդ դիմումին տեղեկացած էր նիստէն մէկ օր առաջ միայն, հակառակ նեղ ժամանակամիջոցին՝ յաջողած էր ուսումնասիրել եւ հակաճառող մեկնաբանութիւններ պատրաստել անոր դէմ, պնդեց, որ դիմումը թոյլ է իր խորքին մէջ: Ան նաեւ չվարանեցաւ դատարանին յայտնելու իր զարմանքը նախ՝ ի տես նման դիմումի մը (QPC) վերջին վայրկեանին ներկայացման, ապա նաեւ բողոքարկուին՝ վերջին պահուն փաստաբան փոխելու որոշումին, մինչ ամէն ինչ երկար ժամանակէ ի վեր նախապատրաստուած էր այս նիստին համար:
Լէյլէքեանի փաստաբանը՝ Ֆորկ միացաւ դատավարութիւնը յետաձգելու Փարտոյի խնդրանքին, բացատրելով, որ ինք ալ ժամանակի պէտք ունի պատշաճօրէն ուսումնասիրելու համար QPC-ի վերաբերեալ դիմումը. ան անմիջապէս աւելցուց, թէ այդ քայլին կը դիմէ նաեւ առ ի յարգանք իր պաշտօնակիցին, որ խնդրանքը ներկայացուցեր էր։
Վերջապէս, դատաւորը, հաստատելով, որ պաշտպանական կողմի կէսն ալ համաձայն է՝ ընդառաջեց յետաձգման խնդրանքին:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»