ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ յետագայ ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին: