ՀՈՒՐԻՆԱ
Դեկտեմբեր ամիսը ուրախութեան եւ բերկրանքի ամիս է: Տօնածառը, անոր գունագեղ զարդարանքները եւ ամանորեան ճոխ ձեռնարկներն ու հաւաքոյթները տարբեր աշխուժութիւն եւ եռանդ կու տան հասարակութեան:
Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութիւնը, աւանդութեան համաձայն՝ կազմակերպեց տարեկան Ամանորեայ ցուցահանդէսը, որ ճոխ եւ բազմատեսակ զարդարանքներ կ՛ընդգրկէր: Այնտեղ անգամ մը եւս, գեղեցիկ յարդարումով ներկայացուած էին արուեստագէտ եւ ստեղծագործ հայուհիներու ձեռային աշխատանքներ, հայկական աւանդական ձեռագործներ եւ համադամ ուտելիքներ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Թալին Արապաթլեան Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Վերապատուելի համայնքապետը այնուհետեւ բարձր գնահատեց մասնակցողները եւ ըսաւ. «Ճգնաժամային այս օրերուն, բարձր գնահատանքի արժանի են նման ցուցահանդէսները, որոնց ընթացքին հնարամիտ եւ ստեղծագործ մեր օրիորդները եւ տիկինները գործի կը վերածեն իրենց բազում շնորհները եւ գեղեցիկ զարդերով մեզ բոլորս կը նախապատրաստեն Նոր Տարուան»: Եզրափակելով՝ վերապատուելին ըսաւ. «Կեանքը Աստուծմէ մեզի տրուած պարգեւ է, զայն իմաստաւորենք բարի արարքներով»:
Ապա ան այցելեց տաղաւարները՝ մերթ դիտելով, զրուցելով եւ մերթ նպատակայարմար միտքեր արտայայտելով ու գնահատելով մասնակցողները:
Ցուցահանդէսը մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեց:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»