16 Դեկտեմբերին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ալիսըն Լեքլերի: Ընդունելութեան ներկայ էր Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Տարչիեւ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ եւ Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ներկաներուն ծանօթացուց տիկին Լեքլերը, որ ունի դիւանագիտական երկարամեայ փորձառութիւն: Ան վարած է ՄԱԿի մօտ Գանատայի մշտական ներկայացուցիչի փոխանորդի պաշտօնը, Գանատայի Հիւսիսային Բեւեռի պատասխանատուի պաշտօնը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան այլ պաշտօններ:
Լեքլեր իր խօսքին մէջ հաստատեց Գանատայի պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին յաւելեալ զարկ տալու:
Գանատայի Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: