ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Ռուսիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւորները դրական կը գնահատեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման կշռոյթը: Այս մասին 18 Դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի եւ Ռուսիոյ Ազգային ժողովի խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի միացեալ նիստէն ետք կատարուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:
Ըստ անոր՝ նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան: Անոնք խօսած են նաեւ Ղարաբաղի հակամարտութեան, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն ու միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն մասին: «Պէտք է նշեմ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնների դինամիկան գնահատել ենք դրական», նշեց Ռուբինեան:
Ռուսիոյ Ազգային ժողովի խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Քոսաչով նշեց, որ իրենց համագործակցութիւնը շարունակական զարգացում կ՛ապրի: