ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, նախկին դաշնակցական, քաղաքական գործիչ Աղուան Վարդանեան 18 Դեկտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութեան յանձնախումբ պիտի կազմուի, իսկ համակարգողը պիտի ըլլայ ինք։
Ան յիշեցուց, որ որոշ ժամանակ առաջ հասարակական-քաղաքական, մշակոյթի եւ մարմնակրթական քանի մը տասնեակ գործիչներ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ ի պաշտպանութիւն Ռ. Քոչարեանի՝ կոչ ուղղելով իշխանութեան վեր բարձրանալ անձնական շահերէ, ընդունիլ սեփական նախապաշարումներու անճշտութիւնը Մարտ 1ի գործով, վերջ տալ դատական համակարգին նկատմամբ ճնշումներուն՝ յոյս յայտնելով, որ Ռ. Քոչարեանի ազատութիւնը հասարակութեան համերաշխութեան ազդակ կը դառնայ:
Ըստ Վարդանեանի՝ վերջին երկու ամիսներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, նաեւ համացանցին վրայ կատարուած է ստորագրահաւաքի նախաձեռնութիւն մը, որուն տակ ստորագրած են 60 հազար անձեր, սակայն իշխանութեան դիրքորոշումին մէջ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, ուստի իրենք դիմած են այս նախաձեռնութեան. «Մեր խնդիրն է, մարդկանց մտածել տալ այս հարցերի մասին: Եւ մարդը մտածում է, նաեւ դիրքորոշում է ունենում: Պէտք է մտածող մարդկանց ուղղորդել, որ դիրքորոշում, քաղաքացիական կեցուածք ունենան»։
Ան դիտել տուաւ, որ Քոչարեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատած է բազմաթիւ անձերու հետ, որոնք ականատես եղած են Քոչարեանի արժանապատիւ արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ ձեռքբերումներուն, Արցախի հարցին մէջ յստակ ազգային-պետական դիրքորոշման: Վարդանեան տեղեկացուց, որ իրենք պիտի աշխատին նաեւ իրաւապաշտպաններու եւ երիտասարդներու հետ: