ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը՝ ՀՕՄի բարերար Ռազմիկ Խաչատուրեանի աջակցութեամբ, «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կենտրոն»ին մէջ բուժում ստացող տղաներուն եւ անձնակազմին համար այս տարի եւս կազմակերպեց Ամանորեայ ձեռնարկ մը։
Այս մասին նշուած է ՀՕՄի Հայաստանի մասնաճիւղի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ:
«Շնորհաւորում ենք բոլորի գալիք Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Թող մեր հետագայ բոլոր սերունդներն ապրեն խաղաղ եւ երջանիկ հայրենիքում», գրուած է էջին վրայ։