ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 10-10:30ի շուրջ, ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացին Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիին եւ Կոթի գիւղին ուղղութեամբ։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Հայաստանի զինուած ուժերուն պատասխան կրակէն ետք, հակառակորդը դադարեցուց կրակոցը: Հայկական կողմը կորուստներ չունի։