ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 18 Դեկտեմբերին, «Արմէնփրէս» ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս տուին Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ) քանի մը նախագահներ, որոնք «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը նկատեցին տուեալ կառոյցներուն համար ճկունութիւն եւ կրթութեան որակը աւելի բարձրացնելու կարելիութիւն։
Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Արզումանեան նշեց, որ ինք նախագիծի մշակման գործընթացին ծանօթացած է սկիզբէն, մասնակցած է քննարկումներուն եւ ներկայացուցած առաջարկներ՝ աւելցնելով, որ նախագիծը բաւական երկար եւ մանրամասն քննարկուած. իրենք կրթական կառոյցներու նախագահներուն հետ դիտարկումներ կատարած են։ Ըստ անոր՝ ներկայիս նախագիծին մէջ անհանգստացնող կէտ չկայ, իսկ այդ օրէնքի նախագիծը կը միտի դաշտը կարգաւորելու։
Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի նախագահի պաշտօնակատար Դիանա Գալոյեան նշեց, որ օրէնքի այս նախագիծը քանի մը դրոյթներով որակական էական փոփոխութիւններ կ՛առաջարկէ։ Ան յատկապէս ընդգծեց ԲՈՒՀերու ինքնավարութեան կարելիութիւններու ընդլայնումը:
«Ուսումնական գործընթացում կրթական ծրագրերի մշակման առումով չափորոշիչներ որպէս այդպիսիք խիստ սահմանուած չեն, ինչը նշանակում է, որ ԲՈՒՀերն աւելի ճկուն կարող են լինել եւ համապատասխանեցնել իրենց ու շուկայի պահանջները: Գործող օրէնքով այդ ճկունութիւնը ԲՈՒՀերին տրուած չէ», դիտել տուաւ Դիանա Գալոյեան: Ըստ անոր՝ նոր օրէնքի նախագիծով բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները իրենք կը սահմանեն ուսանողներու հեռացման, վերականգնման կարգը: Անկէ բացի, ընդլայնուած են ֆինանսական ինքնավարութեան կարելիութիւնները։
Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանի նախագահ Կարինէ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ առաջարկուող նախագիծը լուրջ յառաջընթաց է գործող օրէնքին նկատմամբ: Տրուած են լուծումներ կարգ մը հարցերու, որոնք տարիներով քննարկուած են, հանդիսացած են հարցեր բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ: Այդ լուծումները կը վերաբերին ուսման որակին, հեռակայ ուսուցման ձեւի փոփոխութեան, որ համահունչ է միջազգային չափանիշներուն, ուսանողները առիթ ունին իրենք ընտրելու իրենց ծանրաբեռնուածութիւնը ուսումնական տարուան ընթացքին:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ԲՈՒՀերու ինքնավարութեան կարելիութեան առումով որոշ ուսանողներ մտահոգութիւններ ունին՝ ուսումնական խորհուրդներուն մէջ կառավարման գործընթացին առնչուած, Դիանա Գալոյեան նշեց, որ հոն եւս փոփոխութիւններ կատարուած են։ «Կառավարման խորհրդում 50/50 համամասնութիւնը պահպանուել է, բայց առաջընթաց կայ այն առումով, որ այժմ քաղաքական բաղադրիչը վերացած է այն անդամների համար, որոնց նշանակում է լիազօր մարմինը: Այդ անդամները պէտք է պարտադիր լինեն գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, այսինքն՝ մասնագիտական ոլորտներից», դիտել տուաւ ան։
Անոնք կարեւոր նկատեցին օրէնքի նախագիծով ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հետազօտական բաղադրիչի հզօրացման վերաբերող դրոյթները: