– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, հետեւելով Ներկայացուցիչներու տան օրինակին, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան վաւերացուց տասնամեակներէ ի վեր ի զօրու մնացած՝ Կիպրոսի իշխանութեանց զէնքեր ծախելու արգելքը վերցնող բանաձեւ մը, անտեսելով այդ գծով Անգարայի բողոքները։
– «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ նախագահ Թրամփի կողմէ սուտ կամ մոլորեցնող պնդումներուն թիւը զգալիօրէն աճած է այս տարի։ Արդարեւ, մինչ Թրամփի սուտերուն թիւը 2017ին 1999 էր, այս տարի, մինչեւ 10 Դեկտեմբեր անոնց թիւը 15,413ի հասաւ, յատկապէս 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն համար Ուքրանիայէն պահանջած աջակցութեան հարցին պատճառով։ 2018ին, Թրամփ «միայն» 5689 սուտ կամ մոլորեցնող պնդումներ կատարած էր։