ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, խումբ մը խռովարարներ յարձակեցան Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ գտնուող սիւննի կրօնապետի մը գրասենեակին վրայ եւ քանդեցին անոր ապակիները, որմէ ետք քաղաքին գլխաւոր հրապարակներէն մէկուն վրայ զետեղուած Կաղանդի ծառ մը հրկիզեցին։
Խռովութիւնները մաս կը կազմեն այս շաբթուան սկիզբը, համացանցի ընկերային ցաներու միջոցաւ տարածուած տեսանիւթի մը հետեւանքով սաստկացած ընդհարումներուն։ Տեսանիւթին մէջ, Թրիփոլիէն սիւննի քաղաքացի մը հայհոյանքներով անարգած էր շիիներու «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» շարժումներուն ղեկավարները։
Կացութիւնը զսպելու քաղաքական վերջին զարգացումները քննարկելու համար, Լիբանանի
խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Պըրրի եւ Հարիրի հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, որ լիբանանցիները այս փուլին պէտք է գիտակցութիւն եւ զգօնութիւն ցուցաբերեն, ու պէտք չէ ընդգրկուին կիրքերու այն հրահրումին մէջ, որուն ուղղութեամբ ոմանք ջանք կը թափեն՝ երկիրը քաոսի հասցնելու համար: Կողմերը նշեցին, որ այս վիճակին կարելի է դիմակայել միայն պահպանելով քաղաքացիական ապահովութիւնը, ազգային միասնականութիւնը եւ մերժելով հրահրումները։
Կառավարութեան կազմութեան գծով հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ ազգային անհրաժեշտութիւն դարձած է կառավարութեան կազմութիւնը եւ զայն պէտք է կատարել հանդարտ ու երկրին շահերուն ծառայող մթնոլորտի մը մէջ՝ հեռու քաղաքական լարուածութենէ: