ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»ը (ԱՍԻՄՏԷՐ) որոշած է եօթը լեզուներով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ փորձելով Թուրքիոյ ի նպաստ միջազգային հասարակական կարծիք ձեւաւորել։ Արդարեւ, միութիւնը կապ հաստատելով Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ Պելճիքայի թրքական միութիւններու հետ՝ կը ջանայ այս միջոցաւ զօրացնել իրականութեան դէմ թրքական քարոզչութիւնը։ Այս նպատակով հաստատուած համացանցային կայքին վրայ կան թրքերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, ռուսերէնով, արաբերէնով եւ պարսկերէնով գրուած անհիմն պնդումներ եւ կը կատարուին նաեւ որոշ հրատարակութիւններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.