ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կառավարութիւնը 19 Դեկտեմբերի նիստին հաստատեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող նախագիծը, որմով կ՛առաջարկուի 6 եւ աւելի երեխայ ունեցող եւ «Ծնողական փառք»ի մետալով պարգեւատրուած 9 ընտանիքներու յատկացնել ամսական պատուոյ վճար:
Կառավարութեան որոշումով, այս նպատակով պետական պիւտճէէն պիտի տրամադրուի 4.32 միլիոն դրամ: Նախագիծին հիմնաւորումին համաձայն՝ կ՛առաջարկուի ամսական այդ ընտանիքներուն յատկացնել 40 հազարական դրամ:
Ըստ հիմնաւորման՝ անկախութենէն ի վեր, պայմանաւորուած ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակով եւ ընկերային երաշխիքներու ոչ-բաւարար աջակցութեամբ, մեծապէս նուազած է բազմազաւակ ընտանիքներու թիւը:
Հայաստանի մէջ շատ քիչ չէ թիւը այն ընտանիքներուն, որոնք ունին 3 եւ աւելի զաւակ։ Եթէ 1990ին Հայաստանի 3րդ եւ յաջորդ երեխաներուն թիւը ընդհանուր երեխաներու թուային պատկերին մէջ 32 տոկոս էր, ներկայիս այդ ցուցանիշը 22 տոկոս է: 2017ի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ ծնած 6րդ եւ յաջորդ երեխաներուն թիւը 140 երեխայ է, որ տուեալ տարուան ընդհանուր ծնունդներուն ընդամէնը 0.4 տոկոսն է:
Ժողովրդագրական նոր քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններէն է այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ ժամանակաշրջանին արձանագրուած ժողովրդագրական անբարենպաստ իրավիճակի բարելաւման կարեւոր ուղենիշ սահմանած է ծնելիութեան խրախուսումը եւ երեխաներու ընդհանուր թիւին մէջ 3րդ եւ յաջորդ երեխաներու ծնունդներու աջակցութեան վերաբերող քաղաքականութիւնը: