ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 19 Դեկտեմբերին ընդունեց Ռուսիոյ Ազգային ժողովի խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Քոսաչովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ողջունելով հիւրերը՝ Արարատ Միրզոյեան դարձեալ ընդգծեց, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդները իրարու կապուած են դարերու բարեկամութեամբ ու եղբայրութեամբ, եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը կրեն ռազմավարական բնոյթ: Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն առանցքային ուղղութիւնը միջխորհրդարանական համագործակցութիւնն է. կարելի է առանձնացնել 3 հարթակ՝ խորհրդարանական յանձնաժողովներու համագործակցութիւնը, մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստերը եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեց, որ այդ հարթակներուն վրայ ծագող հարցերը պէտք է լուծել համատեղ ջանքերով, նաեւ նշեց, որ կ՛ակնկալեն ռուս գործընկերներու աջակցութիւնը՝ քանի մը մարմիններու մէջ Հայաստանի առաջադրած թեկնածուներու ընտրութեան հարցին մէջ:
Կոնսթանթին Քոսաչով շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ Արարատ Միրզոյեանին փոխանցեց Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթուիէնկոյի ողջոյնները՝ նշելով, որ ան կը պատրաստուի այցելել Հայաստան, եւ պէտք է միայն յստակացնել այցելութեան ժամկէտները:
Արարատ Միրզոյեանի նշած համագործակցութեան երեք ուղղութիւններուն վրայ ան աւելցուց նաեւ խորհրդարաններու ղեկավարներու մակարդակով պարբերական շփումները, որոնք խթան են՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման պարունակին մէջ։
Կոնսթանթին Քոսաչովի անդրադարձաւ հայ գործընկերներուն հետ ունեցած համագործակցութեան բարձր մակարդակին՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն եւ խորհրդարանի կազմի փոփոխութենէն ետք աշխատանքները շարունակուած են առանց դադարներու, ինչ որ գոհացուցիչ է եւ կը վկայէ միասնական օրակարգով աշխատելու փոխադարձ հետաքրքրուածութեան մասին:
Անոր համաձայն՝ Ռուսիան Հայաստանի հետ կը համագործակցի միջազգային 7 հարթակներու վրայ, ինչ որ մրցանշային թիւ է, եւ Ռուսիա ոչ մէկ երկրի հետ համագործակցութեան այդքան հատման կէտեր ունի, որքան Հայաստանի: Ռուս պաշտօնատարը հաստատեց, որ Ռուսիա միջազգային կառոյցներու մէջ պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի Ազգային ժողովին առաջադրած թեկնածուներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իրենց այցելութիւնը հրաշալի կերպով կազմակերպելուն համար եւ առաջարկեց 2 երկիրներուն խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու տարեկան 2 համատեղ նիստ գումարել: