ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի աշխատակազմի ղեկավար Շուշան Դանիէլեան, ըստ «Երկիր»ին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ հանրապետութեան մէջ ուսում ստացող ուսանողներուն 41 տոկոսը Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը կը յաճախէ:
Հայաստանի մէջ կը գործէ 68 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ (56 ԲՈՒՀ, 12 մասնաճիւղ)։ 4295 օտարերկրացի ուսանողներ կ՛ուսանին 68 բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ։ Եւ 68 հաստատութիւններէն միայն ԵՊԲՀի մէջ կ՛ուսանին 1761 օտար ուսանողներ, այսինքն՝ միայն ԵՊԲՀի մէջ կ՛ուսանի Հանրապետութեան մէջ ուսում ստացող օտար ուսանողներուն 41 տոկոսը։
Փաստօրէն, միայն 1 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ կ՛ուսանի օտարներուն 41 տոկոսը, իսկ մնացած 59 տոկոսը՝ միւս 67 ուսումնական կառոյցներուն մէջ։