ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Մրցանակակակիր հայազգի ջութակահար Անա Լենտօըր յառաջիկայ Յունուար 11ին, կ.ե. ժամը 3ին, ելոյթ պիտի ունենայ յայտնի սոփրանօ Լիվ Ռետփեթի համերգին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի երաժշտանոցի «Պերըթ» սրահին մէջ։
Հայաստան ծնած եւ հասակ նետած Անան ներկայիս երկրորդ գլխաւոր ջութակարարն է Լոս Անճելըսի օփերայի նուագախումբին. ան նուագած է նաեւ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ։ Ան շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներ շահած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Համերգին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար տոմսեր ապահովելու համար՝ այցելել www.PittanceChamberMusic.org կայքը։
Փասատինայի երաժշտանոցին հասցէն է՝ 100 North Hill Avenue, Pasadena, CA 91106։