ՍԹՈՒՏԻՕ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկահայ գործարար եւ ճաշարանատէր Միքայէլ Իսրայէլեան գնեց ռուսական «ՌԹՎի» կայանի բաժնեթուղթերուն գերակշիռ մասը։ Այդ բաժնեթուղթերը կը պատկանէին Ռուսլան Սոքոլովին, որ 2012էն ի վեր կայանի գլխաւոր բաժնետէրերէն մէկն էր եւ տնօրէնը։ Ռուսական այս կայանը հաղորդումներ կը սփռէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Իսրայէլեան կը յայտնէ, թէ որոշումը մաս կը կազմէ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ իր գործունէութիւնը ընդարձակելու ջանքերուն՝ աւելցնելով, որ կայանին դիտորդներուն մեծամասնութիւնը ռուսեր են, որոնք կ՛ուզեն ռուսական մշակոյթին հետ իրենց կապերը պահպանել։ Իսրայէլեան կը յայտնէ, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ապրին ռուսախօս մօտաւորապէս 7 միլիոն անձեր, որոնց փափաքն է իրենց մայրենի լեզուով որակաւոր յայտագիրներ դիտել։
Նշեալ կայանը 1997ին Ամերիկայի մէջ հիմնուած է Վլատիմիր Կուսինցքիի կողմէ։