ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 18 Դեկտեմբերին յայտնեց, որ հայ եւ ատրպէյճանցի գերիներու փոխանակման հարցը մնայուն կերպով բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է։
«Մենք մնայուն կերպով արտայայտուած ենք այդ հարցին մասին։ Գերիներու փոխանակման հարցը միշտ ալ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է։ Յատկապէս այս նիւթին նուիրուած է այս տարուան Ապրիլին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ. անոր ընթացքին կողմերը համաձայնեցան փոխադարձ միջոցներու ձեռնարկելու՝ թոյլ տալու հարազատներուն այցելել կողմերու տարածքին մէջ ազատազրկուած անձերուն։ Ինչպէս գիտէք, Կարմիր Խաչի հովանիին տակ այս տարուան Յունիսին հայրենիք վերադարձան ատրպէյճանցի քաղաքացի Էլվին Արիֆ Օղլու եւ Հայաստանի քաղաքացի Զաւէն Կարապետեան։ Կ՛ողջունենք այդ կարեւոր գործողութիւնը։ Կրնամ ըսել, որ աշխատանք կը տարուի միւս ազատազրկուածներուն ուղղութեամբ եւս։ Եթէ համաձայնութիւն կայացուի, մենք, անշուշտ, պիտի աջակցինք անոր», շեշտեց Զախարովա։