ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16-21 Դեկտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երիտասարդական միջազգային մրցաշարքին տպաւորիչ արդիւնքներ ապահովեց Հայաստանի հաւաքականը: Հայ բռնցքամարտիկները նուաճեցին 9 մետալներ՝ 7 ոսկի եւ 2 արծաթ, կը տեղեղկացնէ Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնակցութիւնը:
Ոսկի մետալներ շահեցան՝ Ռուտոլֆ Գարբոյեան, Արթուր Սահակեան, Ռուսլան Ասլիկեան, Գուրգէն Կակոյեան, Արմէն Մանուկեան, Էրիկ Աբէլեան եւ Տիգրան Գէորգեան, իսկ 2րդ դիրք գրաւեցին՝ Հենրիկ Սահակեան եւ Մկրտիչ Մանուկեան:
Մրցաշարքին լաւագոյն բռնցքամարտիկը ճանչցուեցաւ Գուրգէն Կակոյեան:
Հայ բռնցքամարտիկները հանդէս կու գային երիտասարդական հաւաքականի աւագ մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ու մարզիչ Գարիկ Պաղտասարեանի գլխաւորութեամբ: