ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հայաստանի կառավարութեան դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է տեսանիւթ մը՝ նուիրուած 2019ի տարեշրջանի ամփոփման եւ պաշտպանութեան նախարարութեան յառաջիկայ տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն:
Ան 2019ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն նկատեց նոր սպառազինութիւնները եւ ուտելիքի մատակարարման կազմակերպման նոր համակարգը: «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդին համար աւելի մահաբեր», հաստատեց Տօնոյեան:
21 Դեկտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւս Տօնոյեան խօսեցաւ բանակին դրական ընթացքին մասին՝ դիտել տալով, որ 25 տարուան ընթացքին ստեղծուած է զինուորական ամբողջական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն՝ վարժարանէն մինչեւ ռազմական համալսարան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 տարի ետք արդէն ունի զինուորական ամբողջական կրթութեան բոլոր փուլերով անցնելու կարելիութիւն: 25 տարուան ընթացքին դիւրին չէր վարժարանէն մինչեւ ռազմավարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ստեղծելը: Ըստ Տօնոյեանի՝ ռազմական համալսարանի ամբողջ հրամանատարական կազմը ջանք եւ եռանդ պիտի չխնայէ՝ կազմաւորելու պատրաստուած հայ զինուորականի ոգիին յարիր մտաւորական զինուորը, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նուիրուելու պատրաստակամութեամբ օժտուած բանակայինները:
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի բոլոր տնօրէններուն, հրամանատարներուն, եւ խրախուսական պարգեւներ յանձնեց ծառայութեան ընթացքին յաջողութիւններ արձանագրած զինուորներուն: