ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան թրքական «A Haber» լրատուականին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան դէպքերուն, Մաշալեան բաւարարուեցաւ՝ ըսելով. «Մեր անհատական զարգացման մէջ, 1915ի դէպքերը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին, վիշտը վերապրած ընտանիք չկայ: Օսմանեան շրջանին 2-2.5 միլիոն հայեր կային: Այս պահուն, Թուրքիոյ մէջ 40-60 հազար հայեր կ՛ապրին: Վերջին 100 տարիներուն ընթացքին այս հողերուն վրայ ապրող հայերու թիւի կտրուկ նուազում տեղի ունեցած է»:
Բանաձեւին ընդունման վերաբերեալ Մաշալեան ըսաւ, որ այդպիսի իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով:
«Եթէ 2 երկիրները չկարենան նստիլ եւ խօսիլ այս նիւթերուն մասին, զանոնք օրակարգի պիտի բերեն Անգարայի հետ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմավարական հարցեր ունեցող եր-կիրները», շեշտեց պատրիարքը՝ աւելացնելով, որ ինք անձնապէս կը վիրաւորուի, որ վիշտ ապրած մարդոց յիշողութիւնները կ՛օգտագործուին՝ իբրեւ գործիք օրուան քաղաքականութեան մէջ:
Ան նաեւ նշեց, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ փոքրամասնութիւններու համար ամէնէն բարենպաստ շրջանը Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարման ժամանակահատուածն է: