ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 50 հազար տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, որպէսզի անիկա տրամադրուի լիբանանեան տագնապի յաղթահարման քայլերուն:
Այս առիթով, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ըսելով. «Մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբութեան այս զօրակցութեան համար, երբ մանաւանդ այս փուլին, Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապին պատճառով լիբանանահայութիւնը եւս կ՛ապրի ծանր օրեր: Կը հաւատանք, որ մեր բոլորին համատեղ ջանքերով այս դժուար պայմաններէն յաղթական դուրս պիտի գանք եւ պիտի շարունակենք մեր հայապահպանման եկեղեցանուէր, ազգաշէն եւ հայրենակերտ առաքելութիւնը»: