ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց պաշտպանութեան բանակի ճարտարագիտական-սակրաւորական գումարտակի կեդրոնը, ուր զրուցեց զինուորական ծառայութիւն իրականացնող զինուորներուն եւ սպաներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ ուտելիքի մատակարարման կազմակերպման նոր կարելիութիւններուն։
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ նախագահը նշեց, որ լաւ տպաւորութիւններ ստացած է այցելութենէն եւ, մասնաւորապէս, զինուորներու ուտելիքի մատակարարման կազմակերպման նոր կարելիութիւններէն։
Նախագահը յայտնեց, որ շինարարական եւ սակրաւորական ծառայութիւնները մեր բանակին մէջ շատ կարեւոր են՝ շեշտելով, որ բոլորս պէտք է աջակցինք, որ սակրաւորները եւ շինարարները իրենց գործը բարձր որակով կատարեն: Զինուորները, որոնց հանդիպեցայ, ուրախ են ծառայութեան համար, հպարտ են, որ կը ծառայեն Արցախի մէջ: