ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 20 Դեկտեմբերին, Երեւանի Պետական համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղին յարկին տակ տեղի ունեցաւ Համազգայինի նոր հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէսները եւ քննարկումները:
ԵՊՀի Իջեւանի մասնաճիւղի պատմութեան բաժանմունքի նախագահ, դոցենտ Վարդան Ալեքսանեան դրուատիքով խօսեցաւ Համազգայինի եւ անոր առաքելութեան մասին։
«Համազգայինն իր ազգանուէր եւ ազգապահպան աշխատանքով վրձնել, կերտել է հայի ինքնութիւնը՝ դարձնելով այն աւելի ինստիտուցիոնալ (կառուցային-Խմբ.): Համազգայինը կազմակերպել է հայապահպանութեան գործը Սփիւռքում, որտեղ, Շանթի պատկերաւոր արտայայտութեամբ, արեւի տակ եղած ձեան պէս հայութիւնն անընդհատ հալչում էր», ըսաւ Ալեքսանեան՝ աւելցնելով, որ մարդկութեան պատմութիւնը ինքնութիւններու պայքար է, իսկ հայուն ինքնութիւնը կերտուած է կրթութեան միջոցով:
Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան յատկանշական նկատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ հայ մշակոյթը շարունակական դարձնելու համար Հայաստանէն դուրս ապրողներուն համար կարիքը կար կռուաններու՝ դպրոց, եկեղեցի եւ մշակութային օճախներ։ Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, ըստ բանախօսին, հայ նուիրեալները ձեռմնամուխ եղան հիմնելու Համազգայինը: Ան ծանօթացուց գրասենեակին գործունէութիւնը, յատկապէս այս տարուան հրատարակութիւնները։ «Համազգայինի երեւանեան գրասենեակն այս ամբողջ ընթացքում ձեռնամուխ է եղել կրթական եւ մշակութային բազմաթիւ միջոցառումների: Հրատարակուել են բազմաթիւ գրքեր, որոնք ներկայացրել են մեր մշակոյթի, մեր գրականութեան մեծերին, յատկապէս՝ այն անձանց, ովքեր Խորհրդային Միութեան 70ամեայ շրջանում եղել են մոռացուած: Այդ անունները մենք նորից փորձում ենք բերել Հայաստան եւ փոխանցել եկող սերունդներին», նշեց Ռ. Առաքելեան՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ մէկը, բնականաբար, Լեւոն Շանթն է, որ, ըստ բանախօսին, բախտաւորներէն մէկն է: Ըլլալով մերժուած Խորհրդային Հայաստանի մէջ, այդ տարիներուն մարդիկ գիտէին անոր «Հին Աստուածներ»ուն մասին, սակայն անոր ստեղծագործութիւններուն ամբողջութիւնը տակաւին ծանօթ չէր։
Անդրադառնալով ներկայացուած գիրքերէն մէկուն՝ «Լեւոն Շանթ. Մարդը Եւ Գործը» ժողովածուին՝ Ռ. Առաքելեան հաստատեց, որ այդ հրատարակութեամբ Շանթը կարելի է ճանչնալ ոչ միայն իբրեւ գրող, այլ նաեւ իբրեւ հասարակական-քաղաքական գործիչ, մանաւանդ որ ան եղած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտողներէն։ Ան նաեւ ներկայացուց միւս երկու գիրքերը՝ ազգային մեծ գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի որդիին՝ Վարդգէս Ահարոնեանի հեղինակած «Անդրանիկ. Մարդը Եւ Ռազմիկը» եւ «Թումանեան. Մարդը Եւ Բանաստեղծը»:
Յաջորդ բանախօսն էր համալսարանի դասախօս Խաչատուր Ստեփանեան, որ անդրադարձաւ «Անկախութեան գաղափարը Լեւոն Շանթի մեկնաբանութեամբ» նիւթին եւ հաստատեց, որ Լ. Շանթի «Մեր Անկախութիւնը» աշխատութիւնը Հայկական Հարցի գործնական լուծման տեսական հիմնաւորման փայլուն օրինակ կը հանդիսանայ։ «Մեկնաբանելով անկախութեան խնդիրը՝ Լեւոն Շանթը գտնում է, որ անկախութիւնը նախ եւ առաջ կամքերի ընդհարում է, շահերի բախում, եւ նրա համոզմամբ՝ անկախութիւնը տարբեր կերպ է շօշափւում ազգերի կողմից: Որեւէ ազգի անկախութիւնը կարող է բխել տուեալ ազգի ու նաեւ ազգերի շահերից, սակայն, միաժամանակ, կարող է նպատակայարմար չհամարուել այլ ազգերի համար: Հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կարող է խանգարել կամ նպաստել տուեալ ազգի անկախութեան ձեռքբերմանը», նշեց Խ. Ստեփանեան՝ մատնանշելով դարձեալ Շանթի տեսակէտը, ըստ որուն, սխալ է միջազգային ատեաններու վրայ յոյս դնելով՝ անկախութիւն ակնկալելը, այնքան ատեն, որ մե՛նք որեւէ ուժ չներկայացնենք, եւ մեր հարցը չդառնայ ուժեղ պետութեան ու հաշիւներուն մէկ մասը:
Վարդգէս Ահարոնեանի «Յովհաննէս Թումանեան. Մարդը Եւ Բանաստեղծը» գիրքը ներկայացուց Ալիսա Հասանեան, որ տուաւ հեղինակին հակիրճ կենսագրականը, խօսեցաւ անոր հասարակական- քաղաքական եւ ստեղծագործական ուղիին մասին։ Ըստ Ա. Հասանեանի՝ հեղինակը իրադարձութիւններու գունեղ նկարագրութիւններով բացայայտած է մեծ լոռեցիի խառնուածքը, յարաբերութիւնները ընտանիքին եւ միջավայրին հետ։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ մեծ դէմքերու հետ Թումանեանի կապը մեծ ազդեցութիւն եւ ներդրում ունեցած է իր եւ իր գրական ուղիին վրայ։
ԵՊՀի իջեւանի մասնաճիւղի գրադարանի վարիչ Վլադիմիր Պօղոսեան ներկայացուց Վ. Ահարոնեանի՝ շնորհահանդէսին ներկայացուած միւս գիրքը՝ Անդրանիկի նուիրուած. «Վարդգէս Ահարոնեանը մի շարք գծեր է տալիս. Անդրանիկը ռազմիկ էր ոտքից գլուխ, նրա զինուորական տաղանդը միեւնոյն շաղախից էր, ինչ որ պատմութեան մեծ հրամանատարներինը»։
Հանդիսութեան բանախօս, գրող, շարժապատկերի բեմադրիչ Արտաշէս Շահբազեան այն կարծիքին է, որ Վ. Ահարոնեանի գիրքերուն՝ հայրենիքի մէջ վերահրահրատարակութեամբ երկու կարեւոր եւ շատ շնորհակալ գործ կատարած է Համազգայինը: Նախ՝ յոբելեանները նկատի ունենալով երկու մեծ գործիչներուն յիշատակը յաւերժացնել, միւսը՝ առիթ ստեղծել ճանչնալու Վարդգէս Ահարոնեան գործիչը:
«Վարդգէս Ահարոնեանն այն սերնդի ներկայացուցիչն էր, ովքեր աշխարհի առջեւ մի մեծ «մեղք» ունեցան, ինչի համար հալածուեցին, սպանուեցին՝ նաեւ որպէս յիշողութիւն դատապարտուելով կորստի: Այդ «մեղքը» իրենց հայրենասիրութիւնն էր, հայոց պետականութիւն կերտելու տեսիլը: Այդ առաքելութեամբ իրենք աշխարհ եկան, ստեղծեցին այս Հայաստանը եւ դատապարտուեցին հալածանքի, գանահարման եւ մոռացութեան», նշեց Ա. Շահբազեան՝ աւելցնելով, որ, հակառակ ամէն ինչի ան վերադարձաւ հայրենիք։
Ներկայացնելով Աւետիս եւ Վարդգէս Ահարոնեան գործիչներուն կենսագրական որոշ գիծերը, անոնց տեղն ու դերը թէ՛ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ թէ անոր նախորդող եւ յաջորդող կարեւորագոյն շրջաններուն՝ Ա. Շահբազեան հաստատեց, որ այս հրատարակութիւններու եւ քննարկումներու միջոցով քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդին կը վերադարձուի անոր նուիրեալ զաւակներէն մէկուն՝ Վարդգէս Ահարոնեանի անունը: