ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Կ՛ուզեմ պատմութիւն մը գրել, Կաղանդի պատմութիւն, Կաղանդի ծառի պատմութիւն, որ ըլլայ Կաղանդի պէս հեքիաթային եւ ծառի պէս թարմ: Դնեմ դռներուն առջեւ, մարդիկ անցնին, նային անոր եւ լեցուին ուրախութեամբ ու յոյսով. ոտքերը ամուր, ճիւղերը՝ բարձր ու խիտ ճիւղերը, զարդարուած գունաւոր հաւատալիքներով? մարդիկ նային, հաւնին, եւ ի՛նչ հաւնին, տանին իրենց հետ, իրենց տուները գունաւորելու, իրենց նայուածքը պայծառացնելու:
Կաղանդի ծառին չափ հեքիաթային եւ թարմ պատմութիւն մը:
Անդիմագիծ, անտուն եւ անհող տղայ մըն եմ. տասնչորս տարեկան եմ. Կաղանդը մօտ է, ու ես Կաղանդի ծառ մը կ՛ուզեմ:
Այսպէս պիտի սկսիմ պատմութիւնը, զոր կ՛ուզեմ գրել եւ որուն անունը «Կաղանդի Պատմութիւն» պիտի ըլլայ: Անոր հերոսը մեր տան աղբահաւաքը պիտի ըլլայ, վտիտ, դեղնած ու միշտ ժպտուն այդ տղան, որ ինչպէ՛ս ներս կը նայի մեր կիսաբաց դռնէն:
Երբեք Կաղանդի ծառ չեմ ունեցած. չեմ իսկ ուզած ունենալ. չեմ մտածած այդ մասին. այս անգամ, սակայն, կ՛ուզեմ մեծ, գեղեցիկ, բնական եղեւին մը, որ ի՛մս ըլլայ եւ ըլլայ ամենագեղեցիկը Կաղանդի ծառերուն:
Իրե՛ն համար կ՛ուզեմ գրել այս պատմութիւնը:
Կարծեմ նաեւ ինծի՛ համար կ՛ուզեմ գրել զայն, որպէսզի ամէն գիշեր մղձաւանջի սեւ հրէշը չլափէ զիս, երբ պատկերասփիւռը մարեմ ու քնանալու երթամ, որպէսզի Քոսովոյի մորթուած տղոց աչքերը ծառիս վրայ չշարուին՝ լոյսերու փոխարէն, եւ Չէչէնիոյ պաղէն մեռած մանուկները ձիւնափաթիլներու փոխարէն չշղարշեն ծառս սարսափով. ի վերջոյ կ՛ուզեմ, երազիս մէջ գոնէ, Շուշիի իւրաքանչիւր տան առջեւ եղեւնի մը տնկել, լոյսերով, շագանակներով, չիր ու չամիչով:
Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, իւրաքանչիւր թաղ որ մտայ, լաւ մը տնտղեցի ծառերը նայուածքովս: Եւ ի վերջոյ, հատ մը գտայ. գիտէ՞ք ուր… մե՛ր թաղը, ճիշդ մեր տան մուտքին:
Ծառը գտայ, հիմա պէտք է զարդարեմ զայն. բայց ինչո՞վ. լոյսերո՞վ, գունաւոր գնդակներո՞վ:
– Ի՞նչ ունիս, տղա՛ս, շաբաթ մըն է մտահոգ ես. չըլլայ նորէն մէկու մը հետ հարց ունեցար,- կ՛ըսէ մայրս:
Միշտ ալ մէկը պիտի ըլլայ, որ հարց ունենայ հետս. լեզու չկրցայ գտնել աղբահաւաք տղոց հետ. շատ կռուազան են. թէեւ ես ալ կրնամ կռուիլ, բայց ի՛նչ համ ունի ամէն պարապ բանի համար կռուիլը: Մէկը ըլլա՜ր, հետս երազ-երազ խաղար. քրոջս տղան կայ, բայց շատ պզտիկ է, չենք կրնար նոյն խաղերով խաղալ:
Ժամանակին ե՛ս ալ կը սիրէի այս խաղը խաղալ. յետոյ, անկեղծօրէն, սկսայ ամչնալու? ի՞նչ երեսով երազ-երազ խաղամ, երբ սեւամորթ մանուկները‘ շնչելէն յոգնած կը մեռնին, իսկ ճանճերը իրենց քիթէն ու ականջէն ներս կը թափանցեն: Այստեղ, սակայն, ի՛մ հերոսս պիտի խաղայ այս խաղը՝ իմ փոխարէն եւ բոլոր աներազ մարդոց փոխարէն, մեծ ու շքեղ այս խաղը, մէկ անգամ գոնէ յաղթելով: Մէ՛կ անգամ. շատ չէ, չէ՞, մէկ անգամը, ամբողջ կեանքի մը համար:
Հոգ չէ՛. մինակ կը խաղամ:
– Ի՞նչ կը մտմտաս, մա՛նչս:
Ամէն անգան, երբ մայրս մանչս կ՛ըսէ, իր հիւանդ ձայնով, ես կը փլիմ ներսէս:
– Հէ՛չ, մա՛մ, կը մտածեմ, թէ ի՛նչ նուիրեմ քեզի Կաղանդին:
Անշուշտ կատակ էր ըրածս. բայց ըսելու չէի. մայրս գոցեց աչքերը, կ՛երեւի թէ, որ հոն չտեսնեմ ծուխը իր յիշատակներուն:
Քոյրս խնդրեց, որ իր մանչը հետս գործի տանիմ:
– Մեր վարպետին կինը կանչեց. տունը գործ կայ ընելիք. դուն գործդ վերջացնելէ ետք տուն գացէք, ես ալ հոն կու գամ,- ըսաւ ինծի:
Երբ եկաւ, հետը տոպրակ մը ծառի զարդեր բերեր էր, բոլո՛րն ալ կոտրած, փրթած, գունաթափ:
– Ծառ ունենայինք եթէ, կը զարդարէինք,- ըսաւ քոյրս եւ տոպրակը տղուն առջեւ դրաւ:
Ծառ ունէինք. իմ ծառս, սակայն, կոտրած զարդերով չէ՛ որ պիտի զարդարեմ, բայց ինչո՞վ, Տէ՜ր Աստուած, ինչո՞վ:
Յանկարծ, կարծես գիսաւոր մը անցած ըլլար միտքիս երկինքներէն, յիշեցի.
– Մա՛մ, եթէ քեզի թելեր բերեմ, կրնա՞ս կապեր հիւսել ինծի համար:
– Ուրկէ՞ թելեր պիտի բերես,- տագնապով հարցուց մայրս. գիտե՛մ, կը սարսափի գողութենէն:
– Գործարանի պատին տակ միշտ ահագին թելեր թափուած են, թէեւ կը կարծեմ, որ թնճուկուած կ՛ըլլան:
– Խնդիր չէ, կը քակեմ, բայց ի՞նչ կապ:
– Քսան-քսանհինգ սանթիմնոց գունաւոր, հիւսուած կապեր:
– Ի՞նչ պիտի ընես:
– Հէ՛չ:
Ասկէ ետք կրնամ շարունակել այնպէս, ինչպէս կը թելադրէ կեանքը՝ իր ամբողջ անհեթեթութեամբ եւ անարդարութեամբ: Այսպէ՛ս:
Բերի գունաւոր թելերը, բայց մայրս բան մըն ալ չկրցաւ հիւսել, որովհետեւ շատ փտած էին: Կաղանդի գիշերով ծառս մնաց մերկ: Բայց շատ կ՛ուզէի տարբեր բան մը ընել այդ օր:
– Մա՛մ, եկո՛ւր քիչ մը պտըտինք, այնքա՛ն լաւ զարդարուած են փողոցները, տուներու պատշգամները:
Դժուար համոզուեցաւ. մտիկ չըրի դժգոհանքին՝ շատ պաղ է, չեմ դիմանար, շատ յոգնած կը զգամ:
Կառքին վրայ, քովս նստեցուցի զինք. լաւ մը մաքրեր էի աղբերը, լուացեր էի կառքը, բայց հոտը տախտակներուն մէջ մտեր-մնացեր էր. հարց չէր. ես ալ, մայրս ալ, վարժուած էինք անոր:
Իշուկս, գլուխը կախ, գնաց իր սովորական ճամբաներէն: Գիշերով ուրիշ տեսք ունէին փողոցները. գրեթէ բոլոր պատուհաններուն ետեւէն կ՛երեւէին Կաղանդի ծառերը, զարդարուն, լուսաւոր, հեքիաթային: Մայրս լուռ կը դիտէր, ու ես զինք կը դիտէի՝ ի՞նչ կը մտածէ արդեօք:
– Այսքան մսխումի փոխարէն, կրնային ամբողջ քաղաքին աղքատները կերակրել,- ըսաւ յանկարծ, կարծես լսած ըլլար հարցումս:
Յետոյ տուն վերադարձանք:
– Մա՛մ,- ըսի,- քեզի համար Կաղանդի ծառ մը պատրաստած եմ. միայն քեզի համար չէ՛, նաեւ ինծի համար:
– Խե՞նթ ես, ո՞ւր է:
– Հո՛ն,- ըսի եւ մնացի ափ ի բերան:
Ցայգաստղը ինկեր էր ծառիս կատարին եւ ճերմակ լոյսի շղարշներով պատեր զայն:
– Կարծեմ քաղաքին գեղեցկագոյն ծառն է ասիկա,- ըսաւ մայրս:
Աւելի մեծ նուէր չէի կրնար ունենալ:
Յաջորդ առտու, քաղցր ժպիտ մը դէմքին՝ մեռած գտայ զինք անկողնին մէջ:
Կրնամ այսպէս աւարտել այս հեքիաթը. բայց շատ տխուր կ՛ըլլայ, չէ՞:
Կրնամ նաեւ անսպասելիօրէն բարի ընծայել զայն. այն ատեն թերեւս չհաւատաք անոր: Ինչո՞ւ չհաւատալ սակայն, երբ Կաղանդի պատմութիւն է պատմածս, իսկ Կաղանդը իրականացող հեքիաթներու ժամանակն ու միջոցն է, մեր կեանքին, կամ մեր մանուկ զաւակներու կեանքին մէջ, ինչ որ նոյնն է գրեթէ:
***
Պարոն Եուսէֆ Ասֆահանին տուն կը վերադառնար գործէն, յոգնած, պաղած եւ անօթի: Լաւ որ արեւ կար դուրսը, թէեւ թոյլ ճառագայթներով, բայց նախընտրելի՝ գրասենեակին անարեւ մթնոլորտէն: Կաղանդը կը մօտենար եւ անոր հետ, ամէն տարուան նոյն մտահոգութիւնը՝ քաղաքը զարդարել նոր ձեւով եւ աժան միջոցներով: Աժանը հասկցանք, կ՛ըսէր պարոն Եուսէֆ ինքնիրեն, ամէն տարի, թէեւ նոյնը նաեւ տնօրէնին կ՛ուզէր ըսել, բայց ան տնօրէն է, ամէն բան չ՛ըսուիր անոր, մանաւանդ երբ գիտէ ստանալիք պատասխանը՝ ատիկա ձե՛ր հարցն է, պարո՛ն Ասֆահանի:
– Լա՛ւ, աժան կ՛ընենք ձեւով մը, բայց նո՞ր, եղբա՛յր, Կաղանդի զարդարանքին նորը ո՞րն է, եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ այս ամբողջ տաղտուկը, երբ զարդարուելիքը փողո՛ց է, տուն չէ:
– Այո՛, պարոն Ասֆահանի,- կ՛ըսէր տնօրէնը,- փողո՛ց է, բայց Կաղանդը տարեդարձի պէս բան մըն է, ժամանակին տարեդարձը:
– Ես քո՛ւ ալ, ժամանակի՛ն ալ:
Պարոն Եուսէֆը ժամանակ չունեցաւ ամբողջացնելու հայհոյանքը, որովհետեւ այն, ինչ տեսաւ, զինք բերանաբաց ձգեց:
Ամբողջ փողոցին վրայ ինկած էր ծառի մը շուքը, եղեւնիի մը շուքը, եւ անոր վրայ, տեղ-տեղ, լոյսեր կը պսպղային. չէ՛, լոյսեր չէին, այլ՝ ցոլացումներ, գունաւոր եւ ճառագայթող: Պարոն Եուսէֆ յիշեց մանկութեան իր տաժանքը կիրակնօրեայ պատարագին անվերջանալի ժամերուն, երբ միակ ձեւը նստարանին վրայ ինքզինք հանդարտ պահելու՝ գետին ինկած գունաւոր լոյսերուն դանդաղ գնացքը հսկելն էր, երբ արեւին հետ կը շարժէր նաեւ շուքը գունաւոր պատուհաններուն:
– Ի՛մս է:
Եուսէֆ ցնցումով վերադարձաւ ներկային. քովը մանչ մը կեցած էր ու պատասխան կը սպասէր:
– Ի՞նչ:
– Ի՛մս է ծառը. աղուոր է, չէ՞:
– Ինչպէ՞ս փողոցին ծառը քուկդ կրնայ ըլլալ,- չհասկցաւ Եուսէֆ:
– Ե՛ս ընտրեցի, ե՛ս զարդարեցի,- ըսաւ տղան արտօնատէրի հպարտութեամբ ու նայեցաւ վեր, ծառէն կախուած ապակեայ կտորտանքներուն: Եուսէֆն ալ նայեցաւ:
– Դո՞ւն զարդարեր ես. ինչո՞վ, ինչպէ՞ս:
– Ասո՛ր պէս,- ու տղան գրպանէն հանեց ծառին վրայ դրուելիք ապակիի վերջին կտորը եւ երկարեց: Եուսէֆ շարժում չըրաւ վերցնելու: Մի՛ վախնար, տաշեր եմ, չի վիրաւորեր՝ շարունակեց տղան:
Տաշուած, բաց սրճագոյն ա-պակիի կտոր մը, որ արդի արուեստի աշխատանքի պէս գրաւիչ եւ անհասկնալի թուեցաւ Եուսէֆին:
– Բոլորն ալ ես տաշեր եմ, տարբեր ձեւերով, տարբեր գոյներով:
– Բայց ինչո՞ւ ծառ ունենալ փողոցը, արդէն փողոցները պիտի զարդարուին:
– Իմ ծառս ուզեցի բոլորին համար զարդարել, ոչ թէ պատուհանիս ետեւը բանտարկել զայն: Ինչո՞ւ կը խնդաս:
Իրապէս ալ պարոն Եուսէֆի դէմքին վրայ մեծ, ծիածանի չափ պայծառ ժպիտ մը կազմուած էր այն պահուն, երբ անդրադարձած էր, թէ ինչպիսի՛ գիւտ մը տուեր էր իրեն այս անծանօթ, բայց միաժամանակ կարծես մտերիմ տղան:
– Դպրոց կ՛երթա՞ս:
– Այո՛, բայց ի՞նչ կապ ունի:
– Համալսարան պիտի երթա՞ս:
– Ես կ՛ուզեմ երթալ. ուսուցիչս կ՛ըսէ, թէ կրնամ բան մը ըլլալ, եթէ ուսումս շարունակեմ, բայց արդեօք կրնա՞մ շարունակել. չե՛մ գիտեր:
– Լա՛ւ, մոռցի՛ր համալսարանը, հիմա քովս կ՛աշխատի՞ս:
– Ի՞նչ պիտի ընեմ:
– Այսպիսի ապակիներ պիտի հաւաքես, տաշես, պատրաստես:
Ահաւասիկ նոր եւ աժան ձեւ մը քաղաքը զարդարելու… ցերեկը արեւը կը լուսաւորէ զանոնք, իսկ գիշերը՝ փողոցներու մեծ լամփերը:
Կաղանդը, իր հեքիաթային կառքով արդէն իսկ քաղաք մտեր էր:
Հիմա այս պատմութիւնը կրնամ դնել մեծ հայրիկի մը բերանը, մեծ հայրիկը դնել շքեղ մենատան մը կրակարանին քով եւ զինք թոռներով շրջապատել: Ամենամեծ թոռնիկը՝ տասը տարեկան, կը հարցնէ.
– Ուրեմն ա՛յդ մարդն էր, որ քեզ դպրոց ղրկեց:
– Ցերեկները իրեն քով կ՛աշխատէի, իրիկունները դպրոց կ՛երթայի: Յետոյ դարձայ իր գործերուն տնօրէնը, որովհետեւ ունեցեր էր իր անձնական գործը, եւ երբ ուզեցի ե՛ս եւս անձնական գործի մը սկսիլ, ինք առաջարկեց գործընկեր ըլլալ իրեն:
Դահլիճը ողողուեր է ճաշերու հոտով: Մեծ, թարմ ու զարդարուած եղեւնի մը կ՛երեւի պատուհանէն դուրս:
Բայց կը նախընտրեմ այսպէս չընել: Ձեզի կու տամ այս պատմութիւնը. դրէք հո՛ն, ուր կ՛ուզէք… Կ՛ուզէք՝ շպրտեցէք ձեր միտքէն դուրս. կամ՝ կախեցէք Կաղանդի ձեր ծառին վրայ: Ձե՛րն է անիկա, ինչպէս ձերն են ձեր լաւագոյն երազները եւ գեղեցկագոյն ցանկութիւնները: Պարզապէս պէտք է հաւատալ անոնց, ինչպէս ես կը հաւատամ Կաղանդի հեքիաթին:
MERRY CHRISTMAS
& HAPPY NEW YEAR
Dr. Vahaken Arslanian
and Family Clovis, CA
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Մարտիկ Եւ Լիզա Կապուտեան
FALAFEL ARAX
Wishing All Our Customers
In the Armenian Community
A Merry Christmas And A Happy New Year
5101 Santa Monica Blvd., Suite 2
Los Angeles, CA 90029
(323) 663-9687
Վահէ Եւ Լենա Պօզոյեան Եւ Ընտանիք
Կը մաղթենք որ յառաջիկայ
Նոր Տարին մեր ժողովուրդի երկնակամարը
միշտ պայծառ պահէ