ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Ծառը պոկել, տուն բերել, վրան զարդարել,
Նախ անկիւն մը ընտրել, որ պատուհանէն դուրս կ՛երեւայ,
Լոյսերը ոլորել ճիւղերուն մէջէն,
Տարիներու ընթացքին հաւաքուած զարդերը կախել,
Աչքառուները՝ առջեւ
Կոտրած հինցածները՝ ետեւ, պատին կողմը:
Ծառը թարմ պէտք է մնայ, ջուր զետեղել որ չծարաւնայ,
Վրան հրեշտակներ կախել, քիչ մը բլիթ,
Այնքան կը թռչկոտին, որ շուտով կ՛անօթենան,
Արդէն առանց հրեշտակի բան մը երկար չի դիմանար:
Երբեմն աչքի պոչով դիտել: Ծառը կը խօսի,
Իր ճակատագրի այն պահն է
երբ վառուելով վառուելով պիտի չորնայ,
Այլեւս պիտի չսարսռայ
անտառային եղանակներու գինովութենէն:
Չհարցուցինք իրեն՝ կ՛ուզէ՞ր պոկուիլ իր հողէն,
Անուրջի եւ գգուանքի պահանջք ունինք.
Ի՜նչ ցնծութեամբ մտցուցինք զայն տուն,
Եւ հակառակ որ իր կեանքի երազներուն մաս չէր կազմեր
Մեր տունը գալ «…ձմեռ օր մը ձիւնին մէջէն միս մինակ…»՝
Եկեր է եւ իր սրսփուն անկիւնէն
ճառագայթներ սփռէ պիտի
Մոգական թելեր, յիշողութեան թաւիշ.
Արդէն ի՛նչ կ՛արժէ տօն մը եթէ չունի լուսապսակ:
Ամէն տարի Կաղանդ չենք տօներ,
Սուգ կ՛ըլլայ, հեռաւորութիւն կ՛ըլլայ
անհամութիւն կ՛ըլլայ.
Եթէ երեխաներ կան՝ տօնելու է Կաղանդը
Ինչո՞ւ.
Է՛հ, ամէնուն պէս մենք ալ կ՛ուրախանանք:
Այս օրուան մէջ պէտք է տեղաւորել
Կաղանդ Պապային հասցէներու ծանր կապոցը
եւ մեր անկշռելի յոյսը.
առաջ Մասիս սարէն կու գար,
Հիմա՝ բոլոր թաղերու բոլոր անկիւններէն:
***
Առածին Չափ Ալիւր
Աստուած սիրես, թափէ սա կեղծ ծաղիկները,
որ որոշած են չթառամիլ.
Արդէն կեանքին մեծ մասը անցանք,
Մեր անձկութեան դարմանը արդարութիւնը չէ,
Անհրաժեշտ է արդարութիւնը
բայց չի դարմաներ վէրքը.
Եւ ժամանակը խամաճիկի պէս
Քիթ-բերանը ծեփած կեցեր է մեր դիմաց
Կը սպասէ հաստափոր Կաղանդ Պապային, որուն աչքերը
ուղղութիւն կու տան Նոր Տարուան.
Անոր զուարթ կուզին դիմաց
Իրենց ամբողջ կեանքը շիփ-շիտակ կայնած մոմերը
մեղմիւ կը սկսին հալիլ,
Մինչ մենք ձեւի, գոյնի
տուփ բանալու խաղեր կը խաղանք
Եւ կը խաբուինք, երբեմն լաւ, երբեմն գէշ,
Որովհետեւ տուփին մէջ մեր տեսածը՝ ուրիշ,
Նոր Տարուան բերածը՝ ուրի՜շ…
***
Հրամցնելու Ձեւ-Թիւ Մէկ
Պատանեկան խինդը որմով կ՛արթննան օրերը
Կաղանդի Ծառին տակ կը դնեն
Մէկ տուփ քաղցրութիւն
Երկու տուփ զսպուած բարկութիւն
Մէկ տուփ յայտնի բաներ
Երեք տուփ գաղտնիքներ
Տուփ մը համով-հոտով բարեկամութիւն
Երկու տուփ ազգականական անհամութիւն
Տուփ մը պաչիկ
Երկու տուփ կեղծիք
Տուփ մը ժողովրդավարութիւն
Չորս տուփ բռնատիրութիւն
(ասոնց համար արեան գին վճարուած է):
Անգոյն յոյսեր, որոնց վրայ բազում գոյներ փաթթուած են
եւ սրտաբուխ-բուխ-բուխ քարտեր տեղաւորուած.
Թափանցիկ տրտմութիւններ
Որոնք եթէ ճիշդ պեթըրին գործածես
մահ շնչելով կը շրջին:
Ասոնք բոլորը, շուկան գիտցողը գիտէ,
Վաճառքէ գնուած են
վերջին գինէն տաս առ հարիւր զեղչով:
Թարմ է Ծառը տակաւին, ոտնամանին մէջ
Ջուր աւելցնել որ չչորնայ, որ վառ պահէ
Պապենական ջա՜հը,
Մեր չորս կողմը տարածուած
Երեսուն տուփ լուծումներու
Եւ հարիւր տուփ հրատապ հարցերու:
Կաղանդ Պապան այս բոլորը Չարի-Բարիի կը վերագրէ,
գլուխը կ՛առնէ-կ՛երթայ,
Կաղանդ տօնելուն վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ,
Է՜հ, ամէնուն պէս մենք ալ կ՛ուրախանանք:
Հրամցնելու Ձեւ-Թիւ Երկու
Կաղանդի յատուկ սպասներ զետեղեր ենք
Պաստեղ, ընկոյզ, անուշապուրի հովանոց,
Խնձորներ, որ եդեմական հեքիաթներ կը վերապրին
Կանկառներ, որ գործը աւարտած տանտիկինի պէս
քովիններուն հետ զրոյցի նստեր են.
Ոտքերը երկինք տնկած հաւիկներ
Նարինջ, ուր արեւի շունչը կը թրթռայ,
Մինչ այդ կը պայթի շամփայնի կարճատեւ հրաբուխը,
Իսկ օրուան թերթը կը պատմէ
թէ՝ հին հայոց մէջ ինչպէ՛ս կը տօնէին Կաղանդը,
Տաք-տաք խաշած ճակնդեղը գինեմոլի նայուածքով
կը դիտէ շուրջը:
Բայց կեդրոնը Ծառն է, Կաղանդի Ծառը,
Որուն շուրջ կը դառնան մանուկները,
Վառեր է հազարումէկ լոյսերը
Ուր ձմրան փաթիլներն անգամ
Փափուկ առագաստներ դարձած՝ կը սահին:
Գոհ են չափահասները,
Ի վերջոյ փրկեր են Ծառը օզոնի թոյնէն,
Իր հողին վրայ ծերանալու ողբերգութենէն,
Հաւաքականութեան մը մաս կազմելու
անյայտ անլեզու մնալու ճակատագրէն:
Օրուան Խորհուրդը
Չարագուշակ փողոցը
Համբերութեամբ սպասեր է այս օրուան.
Անցած է ժամը. ա՛լ աւարտեր է կախարդանքը,
Եւ պաշտօնը անթերի կատարած Ծառը
շպրտուեր է դո՛ւրս,
Իր նախնիներուն նման:
Հիմա աղբահաւաքներ հեռուները տանին պիտի
Հազարումէկ ճրագներ պլպլացուցած,
Յոգնա՛ծ թեւերը իր,
Եւ իր հրեղէն ծառութենէն
ափ մը փա՛յտ պիտի մնայ:
Շպրտուեր է մայթին,
Ճիշդ այն պատճառով՝ որ իր սեփական
Արմատներէն կտրուելէ ետք
տակաւին լոյս ու հրճուանք հագաւ,
Աստղի ոսկին ափերուն մէջ
մութ անցեալին՝ օրհնութիւն
իսկ ներկային խորհուրդ տուաւ:
Անէութիւն ապրած չէր,
Ամէն շիւղին՝ կապոյտ յուռութք
նարնջահոս մեղեդիներ կախեր էր:
Իր անցեալէն ու իր փառքէն մերկացած
աքսորուեր է դարձեալ
Շպրտուեր է մութի՛ն ճիշդ այն տան առջեւ
Որուն լամբերու պաղած դէմքերէն՝
իր կրակը անցուց.
Եւ քերթողի իր էութեան տենդասարսուռ մատներով
Ձմրան լոյսէն՝ աստղին մոխիրը վերցուց:
Նոր անդրադարձած մարդկային դաժանութեան
Ինկեր է Ծառը կողահար՝ բացայայտ ձիւնին,
Եւ մնջածածկ մայթին միջեւ.
Իր սառած երակներուն մէջ հիմա՝
քակուած Կեանքէն լուռ-լուռ չորցած երակներ:
«Սնունդ Եւ Անդունդ», 1994
Բժիշկներ Արմէն-Արա Եւ Ժուլիանա Չալեան Եւ Փոքրիկն Արա
Կը շնորհաւորեն բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Նոր Տարուան բարիքներով եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդով թող լեցուին մեր կեանքերը
Տոքթ. Րաֆֆի Եւ Թամար Չալեան Եւ զաւակները՝ Անի եւ Էմմա
GASKA Inc. AND DEVELOPMENT
100 West Broadway, Suite 950 Glendale, CA 91210
Merry Christmas & Happy New Year
There is no greater gift this festive season than
spending time with family all around the Christmas tree
Dr. Onnig & Mrs. Kristine & Nareg Keshishian
Wishing all our family and friends health and
prosperity throughout 2020
Հայկուշ Քեղինեան- Քոհլըր
Ի յիշատակ իր ծնողներուն
Պետրոս եւ Մանուշակ Քեղինեաններուն