ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ա. Մաս
Հայ ընթերցողի հորիզոնին վրայ երեւելի են հայկական գրականութեան փայլուն շրջանները ինչպէս՝ Ոսկեդարը, Զարթօնքի շրջանը եւ Գեղապաշտ շրջանը: Անոնք կ՛արժանանան գրասէրի ուշադրութեան ու անոնց լաւագոյն օրինակները կը վերահրատարակուին նորատիպ գիրքերու շապիկի տակ: Դժբախտաբար, յարգելի ընթերցող, յաճախ անտես եւ անտիպ կը մնայ հայկական միջնադարեան տաղասացութիւնը, աշխարհիկ բնոյթ ունեցող հեղինակային ստեղծագործութիւններու 600 տարուայ հարստութիւն մը: Այսօր կը փափաքիմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ ու ճաշակել այդ գանձարանէն պատառիկներ:
Նախ կ՛ուզեմ յետադարձ ակնարկ մը կատարել ու տեսնել, թէ հայ տաղասացը, աշխարհիկ թէ հոգեւորական, իր մատենադարանին մէջ ի՛նչ գանձեր ունէր, իր նախորդները ի՛նչ ժառանգած էին անոր ու եթէ ան ուզէր տաղ, գանձ, առակ, ողբ, ներբող, վարք կամ խրատ հեղինակել՝ իր ձեռքին տակ ի՛նչ պաշար ունէր: Կարճ պատասխան. գրական հարուստ անցեալ մը: Մանրամասնօրէն՝ հետեւեալները…
Հայկական լեռնաշխարհի կամ Կիլիկիոյ մէջ գործող հայ բանաստեղծին ծանօթ էր Դաւթակ Քերթողը եւ անոր ներբող-ողբը՝ «Ողբ Ի Մահն Ջեւանշերի Մեծի Իշխանին»: Ան գրուած էր Աղուանից աշխարհի իշխանի մահուան կապակցութեամբ ու կը համարուի հայկական աշխարհիկ քերթողութեան հնագոյն օրինակը: Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, թէ «այբբենական» բանաստեղծութիւն է ան, որուն առաջին ութը տուները կը սկսին այսպէս. Աստուածածին, Բեկումն, Գլորեցաւ, Դարձաւ, Երկին, Զանգիւտ, Էր նստեալ, Ընդ ամենայն…, ու այսպէս մինչեւ «Քէ»:
Հայ տաղասացին ծանօթ էր նաեւ ծայրակապ բանաստեղծութիւնը, այսինքն այն ստեղծագործութիւնը, որուն տուներուն սկզբնատառերը եթէ վերէն վար հաւաքէք՝ կը յայտնաբերէք հեղինակին անունը կամ այլ բառ մը: Ծայրակապ բանաստեղծութեան գեղեցկագոյն նմոյշներէն մէկը մեզի տուեր է Սահակադուխտ երաժշտուհին: 8րդ դարու մենակեաց երգահան էր ան, որ կ՛ապրէր Գառնիի ձորի քարանձաւներէն մէկուն մէջ ու կը դասաւանդէր վարագոյրի ետեւէն: Անոր հեղինակած «Սրբուհի Մարիամ» երգը ունի Ս, Ա, Հ, Ա, Կ, Դ, Ո, Ւ, Խ եւ Տ տառերով սկսող ինը տուն:
Մեր բանաստեղծին ծանօթ էր նաեւ դիմառնութիւնը: Գրական արտայայտութեան ձեւ մըն է ասիկա, ուր անշունչ առարկան (ինչպէս՝ քաղաք մը) կը ներկայանայ, կը խօսի, կ՛ողբայ կամ կ՛ուրախանայ որպէս մարդ: Մեր գրականութեան ամենայայտնի դիմառնութիւններէն մէկն է Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» ստեղծագործութիւնը: Այդ երկարաշունչ քերթուածի մէջ Եդեսիա քաղաքը կը ներկայանայ որպէս վշտահար որդեկորոյս մայր. «…Ես մայր էի բազմորդի, / Անթիւ ծնայ դուստր եւ որդի / Զորս մայրաբար դիեցուցի, / Գեղեցկատիպ յօրինեցի, / Վայելչապէս զարդարեցի»:
Բանաստեղծութիւններու վերջին բաղադրիչներն են յանգը, բաղաձայնոյթը եւ առձայնոյթը: Առաջինին ամենայայտնի օրինակն է Գրիգոր Պահլաւունի Մագիստրոսի «Հազարտողեան Առ Մանուչէ» ստեղծագործութիւնը: Անոր 1016 տողերը յօրինուած են միեւնոյն հանգով («-ին»), ինչպէս՝ «…պատկերին», «…հրեշտակային», «…չարին»: Իսկ բաղաձայններու եւ ձայնաւորներու կրկնութեամբ գրաւոր միտքը շեշտաւորելու ընտիր գիւտն ու արուեստը կը պատկանի Գրիգոր Նարեկացիին: Ականջ տանք «ծ» եւ «շ» ձայներուն. «Ծաւալէր ծաղիկ ծովային», «Շուշանն շողէր հովտին, շողշողէր դէմ արեգականն»:
Ահա այս պատուանդանին վրայ կառուցուեցաւ նոր գրականութիւն մը, որ լի էր երկրային կեանքը եւ անոր շնորհները լիովին ապրելու տրամադրութեամբ: Անոր լայնօրէն նպաստեցին Արեւելեան Հայաստանի մէջ Զաքարեաններու իշխանութիւնը, իսկ Կիլիկիոյ մէջ՝ Ռուբինեան եւ Հեթումեան թագաւորութիւններու գոյութիւնը: Այդ շրջանը «Հայկական գրական վերածնունդ» մըն էր, որ ունէր աշխարհիկ ուղղութիւն, մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ընդհանուր գաղափարներու ներքոյ փառաբանեց սէրը, ծաղիկը, գարունը եւ գեղեցկուհին, խորապէս թափանցեցաւ նաեւ իմաստասիրական հարցերու, ինչպէս՝ «կեանք-մահ», «հոգի-մարմին»: Իսկ, երբ երկիրը օտարներու ասպատակութեան եւ իշխանութեան ենթակայ կ՛ըլլար, հայ տաղասացը կ՛երգէր ազգին վիշտը եւ կը ստեղծէր պանդխտութեան սրտաճմլիկ տաղեր: Ժամանակի գրական լեզուն միջին հայերէնն էր, կամ՝ ռամկօրէնը, պարզ, անմիջական, բոլորին համար հասկնալի: Այդ շրջանի երեւելի բանաստեղծներէն Ֆրիկ ըսեր է. «Ֆրիկը հանցեղ պարզ է խօսել, որ ամենայն մարդ իմանայ»: Իսկ հիմա, յարգելի ընթերցող, վայելենք հեղինակներու փունջ մը՝ ժամանակագրական կարգով:
Նախ յիշենք ինքնատիպ բանաստեղծ Գրիգոր Տղայ Դ. կաթողիկոսը (1133-1193): Ան դասական սերունդի եւ նորերու միջեւ կամուրջ մը եղաւ: Որպէս կաթողիկոս յաջորդեց Ներսէս Շնորհալիին: (Շնորհալիի աւագ եղբօր Վասիլին տղան էր): Բացի դաւանաբանական եւ միջեկեղեցական բազմաթիւ գործերէ, Գրիգոր Տղան ազգը դաստիարակելու համար գրի առաւ նաեւ խրատական բանաստեղծութիւններ: Կարդանք նմոյշ մը. «Մի՛ շարժեր զքո լեզուդ, որ քեզ օգուտ չէ, / Եւ մի՛ խօսիր բանս որ քեզ կորուստ է: / Լեզու, լցեալ հրով, նա սուր սրեալ է, / Անիրաւ գորոյ պարծանք եւ զարդարանք է»: Յաջորդ քառեակի մէջ հեղինակը կ՛ապրի մարդկային տենչերու եւ իրականութեան ստեղծած հակասութեան խոր տառապանքը. «Կայ եւ հուր սիրոյ, բայց սառուցեալ է, / Եւ հողմն քաղցրաձիգ՝ խորշակահար է: / Ջերմ եմ առ Աստուած, այլ ցուրտն մերձ է, / Կամիմ բուսացանել, բայց տօթն չար է»:
Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացին (մօտ. 1220-93) խոհա-խրատական քառեակներու ռահվիրան է: Ծնած եւ ապրած է Եկեղեաց գաւառի Երզնկա քաղաքին մէջ: Հոգեւոր գրականութեան առընթեր, ան մշակեց նաեւ տիեզերագիտական, քերականական եւ իմաստասիրական աշխատութիւններ, Երզնկայի հայ արհեստաւորներու «Եղբայրութիւն» կազմակերպութեան կանոնագրութիւնը: Յ. Երզնկացին կ՛ուզեմ յիշել իր հայերէններով (քառեակներ, որոնք իւրաքանչիւր տողի վրայ ունին տասնհինգ վանկ): Անոնց մէջ կը տեսնենք կեանքի եւ մահուան իմաստասիրութիւնը՝ աշխարհիկ գեղեցկութիւններու ենթապատկերի վրայ… «Աշխարհս է ի ծով նման, ով որ գայ՝ անթաց չմնայ, / Յայս ծովս ես ի նաւ մտայ, գնաց նաւս եւ ես չիմացայ, / Յեզեր մօտեցել եմ ես, վախեմ թէ քարի դիպենայ, / Քակտի իմ աղուոր շինուածս, ու տախտակս մէկմէկանայ»: Բանաստեղծին ակնարկած «աղուոր շինուած»ը մեր աշխարհիկ կեանքի ձեռքբերումներն են, գործ, տուն եւ այդ տան կողքին փոքրիկ պարտէզ մը, զոր կը մշակենք, եւ որուն պտուղը կ՛ուզենք վայելել: Սակայն մահն է, որ կու գայ եւ այդ պարտէզը արմատախիլ կ՛ընէ: Իսկ «տախտակս մէկմէկանայ» արտայայտութիւնը, սարսափելի բան է, մեզի կը յիշեցնէ կեանքի անխուսափելի վախճանը, այն իրականութիւնը, թէ աշխարհը եւ անոր փայլը անցաւոր են: Մէկ այլ քառեակի մէջ Յ. Երզնկացին մեզ կը զգուշացնէ որ մարդը չնմանի օձին, այսինքն չունենայ երկճիւղ լեզու. «Լեզուն է գործիք բանի / եւ արդարոյն զերդ խալաս ոսկի, / զՄարդոյն է մէկ փերթ արել եւ օձին է երկու ճըղի, / Էնց մարդն որ երկու խօսի՝ զմէկն քաղցր ու մէկն լեղի, / Եղբայր է օձին եղել ու զնորա անէծքն ընդունի»:
Ֆրիկը (13րդ դար) հասարակական նիւթերու առաջին բանաստեղծն է: Ապրած է մոնղոլական ասպատակութիւններու եւ տիրապետութեան օրերուն: Ֆրիկը հայրենասէր է, ժողովրդասէր, արդարամիտ: Երկրի քաղաքական անկայունութեան եւ ընկերային քայքայման խնդիրներով այրող, դառնացած անհատ է ան: Ֆրիկը կ՛ենթարկուի հարստահարութեան եւ գերեվարութեան: Ընդվզելով՝ հասարակութեան անունով եւ անոնց լեզուով կը պոռթկայ, հանդէս կու գայ Աստուծոյ առջեւ ու արդարութիւն կը պահանջէ: Ահա այսպէս են Ֆրիկի խօսքերը. «Աստուած արդար եւ յիրաւի… / Հանդէս ունիմ բան մի վիճի, / Թէ դու լսել քո ծառայի… / Որքա՞ն տանջեն զմեզ յաշխարհի, / Եւ կեղեքեն զկեանս մեր յայտնի, / Եւ դու ներես յամենայնի / Անտես առնես զմեզ ի վշտի / Գիտես, մարմին ենք մսեղի, / Գէմ արձան չեմք ինչ երկաթի»: «Գանգատ» բանաստեղծութիւնը կ՛օգտագործէ հակադրութեան հնարքը ու կը նկարագրէ երկրի բեւեռացուած վիճակը. «Մէկին հազար ձի եւ ջորի, մէկին ոչ ուլ մի, ոչ մաքի…/ Մէկին հազար դեկան* ոսկի, / մէկին ոչ փող մի պղնձի»: Այդպէս էր եղած ընկերութեան վիճակը, որովհետեւ՝ «…Որ թաթարն եղաւ թագաւոր, / Ու գողերն եդիր (դրաւ) մեծաւոր»:
Բայց, յարգելի ընթերցող, պիտի անցնին տասնամեակներ, գարունը դարձեալ պիտի գայ, հայկական տաղասացութիւնը իր պայծառ գոյներով եւ պատկերներով դարձեալ պիտի ծաղկի Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, ու այս անգամ պիտի յայտնուին վարդի եւ սոխակի այլաբան երգիչը՝ Կոստանդին Երզնկացին, երազի եւ իրականութեան հակադրութեան մէջ տառապող Խաչատուր Կեչառեցին, Յովհաննէս Թլկուրանցին, որ սէրը պիտի երգէ անկաշկանդ պոռթկումերով, այրի նկարիչ Մկրտիչ Նաղաշը, որ պիտի դառնայ պանդուխտի ձայնը, բաժանման եւ կարօտի երգիչ տարագիր կաթողիկոս մը՝ Գրիգորիս Աղթամարցին եւ ուրիշներ: Այն ժամանակ սէրը պիտի յաղթահարէ չարին եւ մահուան:
* Ոսկի դրամի միաւոր:
Սաութ Պէյ
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արաքս» Մասնաճիւղ
Այս Նոր Տարուան Սեմին
Որոշենք Վառ Պահել Հայութեան Պայքարի Ջահը
Տէր Եւ Տիկ. Երեւան Եւ Ռուզաննա Օհաննէսեան
Կը Շնորհաւորեն Ձեր Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Christmas is all about caring, sharing and giving
Merry Christmas and Happy New Year
Glendale Hye Funeral Services
St. Mary’s Adult Day Health Care
1829 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204
Լաս Վեկաս
ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէ
Կը Մաղթենք, Որ Մեր Դատը
Նոր Յաղթանակի Նոր Հողեր Նուաճէ
Ատրուշան Եւ Նորա Արմէնեաններ
Լաւագոյն Մաղքանքներով
Կը Շնորհաւորեն Բոլորին
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Լաս Վեկաս
Ս. Կարապետ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վահան քհնյ. Կոստանեան,
Հոգաբարձութիւնն Ու Տիկնանց Միութիւնը
Կը Շնորհաւորեն Լաս Վեկասի Շրջանի
Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
St. Garabed Armenian Apostolic Church of Las Vegas
2054 E. Desert Inn Rd.
Las Vegas, NV 89169
Phone/Fax: 702.834.6344
E-mail: infostgarabed@LVcoxmail.com
ARS Shoushi Chapter of Las Vegas
And Verjine Koujakian Saturday School
1020 New Creek Ave., Henderson, NV 89015
Merry Christmas and Happy New Year!
Arto Keuleyan
Merry Christmas and Happy New Year to all our family and friends
Ara & Silva Khatchikian
Cynthia, Stephanie and Angelina