ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
“When they go low, we go high”
MICHELE OBAMA
Դուք կարդացա՞ծ էք Բագրատ Այվազեանի «Անին Ծախուեցաւ»ը:
Կամ՝ Ստեփան Զօրեանի «Պապ Թագաւոր»ը:
Դուք կարդացա՞ծ էք Դերենիկ Տեմիրճեանի «Վարդանանք»ը:
Կամ՝ Սերօ Խանզատեանի «Մխիթար Սպարապետ»ը:
Հայոց պատմութեան հարազատ էջերէն հիւսուած վէպեր են վերոյիշեալները, որոնք կ՛երկարին չորրորդ դարէն մինչեւ տասնութերորդ դար, ընդհանրապէս տարածուելով հայ ժողովուրդի յետ-քրիստոնէութեան ընդունման պատմութեան ժամանակամիջոցին վրայ:
Թէեւ վէպ են վերոյիշեալ հատորները, սակայն այնտեղ մեր պատմագէտ հեղինակները կրցած են հայելին դառնալ օրուան պատմաքաղաքական իրադարձութիւններուն, օրուան ծանօթ աշխարհի գերիշխող ուժերուն, ներքին եւ արտաքին իշխանական հոսանքներուն, աշխարհաքաղաքական բարի կամ չար դրացնութիւններու, աշխարհին եւ եկեղեցական իշխանութիւններու յարափոփոխ յարաբերութեանց եւ այս բոլորին մէջ հանգոյցներ ստեղծող ու գոյացնող ճակատագրական սադրանքներու, դաւադրութիւններու եւ նենգամտութեան:
Չէ՞ք կարդացած վերոյիշեալ վէպերը: Ոչին՛չ:
Ինծի կը թուի, թէ մեր ժամանակակից պատմութիւնը, գուցէ քիչ մը մշուշապատ բայց արդիական տարազներով եւ բովանդակութեամբ ու անպայմանօրէն 21րդ դարու «թէքնոլոճի»ի ծն-ունդ հասարակական եւ ընկերային համացանցերու էջերով, մեզ կը յիշեցնէ վերոյիշեալ վէպերով ցոլացուած մեր պատմութեան ափսոսալի էջերը:
Անկախութեան առաջին քսանութ տարիներու փտածութեան, յուսախաբութեան, յուսալքութեան, արտագաղթի եւ լայնածաւալ աղքատութեան խեղդիչ հանգրուանէ մը ետք հազիւ հեշտանքը տրուեցաւ մեր ժողովուրդին՝ ինքն ի՛ր ճակատագիրին տէրը եղած ըլլալուն, ահաւասիկ ծրագրուած ապատեղեկատուութեան խլացնող աղմկալի խոյանքներուն ականատեսներ ենք:
Զիրար խաչաձեւող ամբաստանութիւններ, զրպարտութիւններ, հնարքներով ծածկուած դիմատետրեան տխեղծ ազդեր, բռնազբօսիկ գործողութիւններ, այս բոլորը հայրենական լրատուական հրապարակը խիտ կերպով յագեցուցած են:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան բախտորոշ հարիւրամեակին, հայ ժողովուրդը՝ խաղաղ, անարիւն եւ մասսայական հրապարակային պոռթկումով մը տէրը դարձաւ իր ճակատագիրին եւ ժողովրդարար կարգերու հաստատումով արմատականօրէն փոխեց իր գոյատեւման ուղղութիւնը: Երկիրը ունի իր սահմանադրական կարգերը եւ այդ ամէնը, ինչ կատարուեցաւ, ուղղամտօրէն, գիտակցօրէն եւ ամենայն ողջամտութեամբ ընթացաւ՝ սահմանադրական կարգերով հաստատուած օրէնքի լոյսին տակ:
Թէ քննանդատելիք բան կա՞յ, անպայման կայ: Բայց՝ քաղաքակիրթ ոճով քննադատենք: Թող մեր քննադատութիւնը ըլլայ կառուցողական, գործիչ, օգտակար եւ բարին ընդհանուրին կամեցող:
Հաճախ կը հպարտանանք քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգը ըլլալու իրականութեամբ: Հազար եօթը հարիւր տասնութ տարիէ ի վեր ի՞նչ կիրարկել սորվեցանք Քրիստոսի վարդապետութենէն: Հաւատք քարոզելու մէջ սխալ բան չկայ, բայց այդ չէ իմ պատգամը: Քրիստոնէական վարդապետութիւնը քաղաքակրթութեան պատուանդան է: Վարուելակե՛րպ: Անտառի օրէնքէն մարդ արարածը դուրս հանող վարուելակերպ: Յարգանքի եւ խոնարհութեան վարուելակերպ: Հոգածութեան եւ սիրոյ վարուելակերպ: Լայնամտութեան եւ հանդուրժողութեան վարուելակերպ: «Ծանիր Զքեզ»եան վարուելակերպ: Եւ վերջապէս՝ իմաստութեան արմատը հանդիսացող, մեծամտութենէ հեռու մնացող գիտակցութիւն՝ թէ մեզմէ ոեւէ մէկը ամէնագէտ չէ, անսխալ չէ, ամենակարող չէ եւ օրէնքէն վեր չէ:
Հայ ժողովուրդը այսօր վստահութեան քուէն տուած է: Այդ վստահութիւնը յաւիտենական չէ՛: Այդ վստահութիւնը անխախտելի ալ չէ, այլ ետ կոչուելու ատակ՝ օրէնքի սահմաններուն պարագիծով: Տասնամեակներու օրինազանցութիւններէ, հարստահարումէ եւ ինքնահարստացումներէ ետք, այսօր մաքուր, բարոյականի տէր եւ ժողովուրդին ծառայելու ոգին բարձր պահող իշխանութիւն մը ունի մեր հայրենիքը:
Սխալակա՞ն են: Անշո՛ւշտ:
Անփո՞րձ են: Յարաբերակա՛ն է, եւ օգնենք, որ շահին այդ փորձառութիւնը:
Թոյլ տանք, որ ծառայէն՝ առանց իշխանութեան գլուխ գալու այլոց փափաքը խանգարելու:
Թոյլ տանք, որ ծառայէն՝ սատարելով պետութեան եւ ժողովուրդին, որովհետեւ ներելի չէ մեզի, որեւէ պատճառով, ժողովուրդի զարգացման եւ հայրենիքի հզօրացման նպաստող ամենափոքր առիթն իսկ կորսնցնել:
Իմաստութեան գագաթնակէտը մեծամիտ եւ յաւակնոտ ղեկավարներու իմացականութեան մէջ չէ, այլ՝ ժողովուրդի հաւաքական կամքին մէջ:
Թոյլ տանք, որ ժողովուրդին կամքը իր ժողովրդավարական ընթացքը շարունակէ:
Թոյլ տանք եւ օգնենք, որ երկիրը խաղաղօրէն զարգանայ, հզօրանա՛յ:
Մեր բոլորին հայրենասիրութեան եւ քաղաքացիութեան ճիտին պարտքն է այդ մէկը:
Այսօրուան Հռոմը, Բիւզանդիոնը, Շապուհն ու թուրքը լորձնաշուրթն դրան են կանգնած:
Թոյլ տանք, որ զարգանա՛յ երկիրը:
Դեկտեմբեր 10, 2019
Յ.Գ.- Յօդուածին մէջ արտայայտուած միտքերը կը պատկանին լոկ յօդուածագիրին եւ որեւէ կերպով չեն ցոլացներ անոր ծառայած հաստատութեան կարծիքն ու տեսակէտը:
Հոլիվուտ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Տաղ» Ուխտ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի Լոս Անճելըսի Մայր Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Հովիւ, Հոգաբարձութիւն
Եւ Յարակից Մարմիններ
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի Մարի Փոստոյեան Մանկամսուր
Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի
Տօներուն Առիթով՝
Շնորհաւորութիւններ
Եւ Յաջողութեան Մաղթանքներ
Հայաստանի, Արցախի, Արտերկրի,
Ինչպէս Նաեւ Հոլիվուտի Հայութեան
ՊԸՐՊԵՆՔ
ՀՅԴ«ԱՂԲԱԼԵԱՆ»
ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ
ՀՕՄ-Ի «ԱՐԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀՄԸՄ-Ի «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀԵԴ «ՎԱՐԱԳ» ՈՒԽՏ
«ԿԱՅԾԱԿ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Թող Խաղաղ Եւ Ապահով Լինի
Մեր Հայրենիքին Եւ Մեր Երկիրը Զարգանայ
Առանց Զիջումների
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի Եւ Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ ՄԻՆՉԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութիւն
Ֆրեզնոյի ՀՅԴ-ՀԵԴ Գ«էորգ Չաւուշ» Ուխտ
ՀՅԴ «Քրիստափոր »Պատանեկան Միութիւն
Ֆրեզնոյի Հայ Դատի Յանձնախումբ – ANC Fresno
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» Մասնաճիւղ
Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի« Սասուն» Մասնաճիւղ
ՖՐԵԶՆՕ