ՓԱՍԱՏԻՆԱ, ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան Սանուց միութեան, Կիրակի, 12 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ նուիրուած է բարերարներ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն։
Յիշատակի օրը պիտի սկսի Ս. պատարագով (առաւօտեան ժամը 10:30ին)՝ Ս. Գրիգոր Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107), ապա ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001) տեղի պիտի ունենայ հոգեճաշ, որուն ընթացքին պիտի գործադրուի պատշաճ յայտագիր մը եւ տեղի պիտի ունենայ գնահատագիրներու տուչութիւն։
Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել Գէորգ Յակոբեանին՝ (818) 765-0286 կամ Արմիկ Տատուրեանին՝ (818) 929-1113 թիւերով: