ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Միացեալ Նահանգները վիզա չտուաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆին, որ 9 Յունուարին ելոյթ պիտի ունենար ունենար ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին։ Այս մասին կը յայտնէ «Foreign Policy»ն՝ յղում կատարելով երեք դիւանագիտական աղբիւրներու:
Զարիֆ վիզայի համար դիմած էր քանի մը շաբաթ առաջ: «Foreign Policy»ն կը տեղեկացնէ, որ 1947ին կնքուած համաձայնագիրով՝ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է մուտքի արտօնութիւն տալ ՄԱԿի նախաձեռնութիւններուն եւ ժողովներուն մասնակցողներուն, որովհետեւ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի: