ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային դրամատան 2020ի Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու (GEP) Յունուար ամսուան զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն:
Ըստ Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու 2020ի զեկոյցին՝ թէեւ տնտեսական աճի կշռոյթը Հարաւային Կովկասի մէջ նուազման միտում ունի, Հայաստանի աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն՝ ի տարբերութիւն դրացի երկիրներուն:
Մասնաւորաբար, 2020ի համար կը նախատեսուի 5.1 տոկոս, 2021 եւ 2022ին՝ 5.2 տոկոսի աճ։
Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի մէջ մասնաւոր սպառումը, արդիւնաբերական հզօր գործունէութիւնը եւ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման վերականգնումը նպաստեցին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական աճի արագացման՝ հասցնելով շուրջ 3.7 տոկոսի:
Համաշխարհային տնտեսական զեկոյցին համաձայն՝ 2019ին, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տնտեսական աճը վերջին երեք տարիներուն ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրած է՝ 2 տոկոս: Պատճառը 2018ին ֆինանսական շուկային մէջ լուրջ ցնցումներու ազդեցութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ տնտեսական աշխոյժութեան կտրուկ անկումն էր, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ քարիւղի պահանջարկի եւ արդիւնաբերման ցած մակարդակը:
«Արդիւնաբերութեան ոլորտի աշխոյժութեան անկման եւ ներդրումներու հոսքի դանդաղ կշռոյթի պայմաններուն բերումով, տարածաշրջանին մէջ արտածման աճը ցած եղած է: Կ՛ակնկալուի, որ 2020ին տարածաշրջանին մէջ տնտեսական աճը կը հասնի մինչեւ 2.6 տոկոսի՝ պայմանաւորուած հիմնական ապրանքատեսակներու գիներու կայունացունով, եւրոպական գօտիի տնտեսական աճով, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ (մինչեւ 3 տոկոս) եւ Ռուսիոյ մէջ (մինչեւ 1.6 տոկոս) տնտեսական աճի վերականգնումով: Կ՛ակնկալուի, որ Ռուսիոյ մէջ ազգային նախագիծերը, որոնց կարգին ներդրումները ենթակառուցուածքներու եւ մարդկային դրամագլուխին մէջ, խթան կը հաղորդեն այդ աճին», նշուած է զեկոյցին մէջ: