Գլենդէյլ, Քալիֆորնիա.- Հեղինակ Գառնիկ Գալստեանի նոր լոյս տեսած «Ահազանգ՝ Ներքին Դրամա Երեք Արարուածով» քնարերգութեան հատորը ներկայացուելու է Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Գիրքը ներկայացնում է Երուանդ Ազատեանը։ Մուտքը ազատ է:
«Արձագանգ» անձնական ու քաղաքացիական քնարերգութեան միահիւսման արդիւնք հանդիսացող գիրքը արտայայտում է հեղինակի ներաշխարհի աւելի քան տասը տարուայ ալեկոծումները, տառապանքը ի տես եւ ի լուր հայաստանեան ու սփիւռքեան տագնապայարոյց իրականութեան (անարդարութիւն, աղքատութիւն, յուսահատութիւն, արտագաղթ, «սպիտակ» ջարդ եւ այլն)։ Իրականութիւնը տրուած է իբրեւ ներքին, հոգեկան դրաման քնարական մի հերոսի, ով բախման մէջ է ոչ միայն իրականութեան, այլեւ ինքն իր հետ։ Գիրքը մի ահազանգ է երկրի, ազգի ու պետականութեան գոյութեանն սպառնացող իրավիճակի մասին: Այն պատմութեան մի ժամանակահատուածի (յուսանք փակուող) գեղարուեստական արտայայտութիւնն է։
Գառնիկ Գալստեանը ծնած է Երեւան, 1947ին: Աւարտած է Դ. Վարուժանի անուան դպրոցը եւ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը: 1974ին Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան հիմնարկին մէջ պաշտպանած է Ֆրանսահայ գրականութեան մասին իր թէզը եւ եղած է նոյն հաստատութեան գիտական աշխատակից՝ տպագրելով բազմաթիւ յօդուածներ ու գրախօսականներ 20րդ դարու հայ գրականութեան մասին: 1979ին, հաստատուելով Լոս Անճելըս՝ աշխատակցած է ամերիկահայ մամուլին եւ դասաւանդած է ազգային վարժարաններու եւ Լա Վերնի համալսարանի ամերիկահայ քոլեճին մէջ: Զեկուցումներով մասնակցած է նոյն քոլեճին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովներու։ Հեղինակն է հետեւեալ գիրքերուն. «Պարոյր Սեւակ, Գեղարուեստական Մտածողութեան Հարցեր», Լոս Անճելըս, 1983, «Մեր Լեզուն»՝ դասագիրք 7րդ դասարանի համար, Լոս Անճելըս, 1995, «Ժամադրութիւն Աշխարհի Հետ»՝ քերթողագիրք, Լոս Անճելըս, 2007՝ արժանացած ԹՄՄի «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին, «Ահազանգ», Անթիլիաս, 2019, քերթողագիրք՝ արժանացած է «Գ. Մելիտինեցի» մրցանակին։