ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի Լիբանանի Ներկայացուցչական 48րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 12 Յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան դիւանին, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հիւրերու, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի 10 մասնաճիւղերէ 53 լիազօր ներկայացուցիչներու:
ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընթերցեց վեցամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ապա ժողովը քննարկեց միութեան սկաուտական, մարզական, կազմակերպական, դաստիարակչական եւ քարոզչական իրավիճակը, յատկապէս՝ երկրին ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, եւ մշակեց ծրագիրներ յօգուտ միութեան եւ անդամներուն:
Ժողովին աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան կազմը՝ բաղկացած հետեւեալներէն.
Րաֆֆի Մումջողլեան
Հայկ Թապաքեան
Սիլվա Սաղրեան
Արտա Զէյթունլեան
Լեւոն Մուրաջանեան
Հրայր Սէթեան
Յակոբ Սարգիս Քէշիշեան
Սեպուհ Թոփալեան
Սեւակ Աբրահամեան
Սոնա Պօղոսեան
Ուիլսըն Քէօշկերեան
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ
48ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ