ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն մը տարածեց՝ յայտարարելով, որ 15 Յունուարին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2 ժամ 35 վայրկեան հարցաքննուեցաւ 2018ին Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը վարող Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի հեռաձայնային զրոյցի գաղտնալսման գործով:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կը քննուի վերոնշեալ պաշտօնատար անձերուն կողմէ իրենց պաշտօնական լիազօրութիւնները առերեւոյթ չարաշահելու եւ յանցաւոր արարք կատարելու դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործը, որուն ծիրին մէջ քննութեան առարկայ կը հանդիսանայ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Եուրի Խաչատուրովի բանտարկութեան միջնորդութիւնները քննած դատաւորներուն նկատմամբ արդարադատութիւն իրականացնելուն միջամտելու հանգամանքը:
Նշուած քրէական գործով, իբրեւ վկայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէ եւ հարցաքննուեցաւ՝ դատարաններուն վրայ հնարաւոր միջամտութիւններու հանգամանքները պարզելու համար:
Հեռախօսային խօսակցութիւնները ապօրինի կերպով գաղտնալսելու եւ համացանցով տարածելու դէպքին առթիւ եւս հարցաքննուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ իբրեւ տուժող կողմ, իր իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն խախտման ու գործին համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հանգամանքներու շուրջ:
Երկու հարցաքննութիւնները միասին տեւեցին 2 ժամ 35 վայրկեան: