ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան, անդրադառնալով այն դիտարկումներուն, թէ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին տակ եղող պատմական շերտը բացայայտելու կարիք չկայ, որովհետեւ հոն արժէքաւոր բան չկայ՝ ըսաւ. «Կամքը կայ, գաղափարը կայ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի պատմական շերտը պէտք է բացուի»: Ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի յանձնարարականը կայ՝ այս նպատակով աշխատանքային խումբ կազմելու։
Ան դիտել տուաւ, որ պահպանուածը մեր պատմութիւնն է, եւ զայն պահպանելու, ներկայացնելու, հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու, սերունդներուն փոխանցելու առումով բանալը շատ կարեւոր է: Այլ հարց է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընել: Պաւել Աւետիսեան նշեց, որ Հանրապետութեան հրապարակը իր ներկայ ձեւով եւ տեսքով շատ կարեւոր մշակութային, ճարտարապետական արժէք է, ուստի պեղումներու աշխատանքը պէտք է կատարել այնպէս, որ ներկայ տեսքը չխեղաթիւրուի։
«Դա նշանակում է, որ մենք պէտք է գտնենք ձեւեր բացելու այն ամէնը, ինչը պատմական արժէք ունի, սակայն դա չպէտք է խաթարի հրապարակի տեսքը: Դրանից բացի, աշխատանքներն այնպէս պէտք է կազմակերպել, որ հրապարակի խոշոր տրանսպորտային հանգոյցը շարունակի գործել», ըսաւ Պ. Աւետիսեան:
Ան նշեց, որ գործ ունինք 1830ական թուականներէն ետք ձեւաւորուած Երեւանի քաղաքային հրապարակին հետ, ուր պահպանուած են այդ ժամանակուան շէնքերու նկուղային հատուածները: «Ինձ համար շատ կարեւոր է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնը նախադէպ լինի: Երեւանն այսօր ունի դեռեւս պահպանուած իր պատմութեան տարբեր ժամանակների մասին վկայող մի շարք տարածքներ՝ դա կը լինեն Կարմիր բլուրի քաղաքային թաղամասերը, Դալման, Կոնդը, Հանրապետութեան հրապարակը եւ այլն: Պէտք է հայեցակարգ մշակել, որ պատմամշակութային ողջ ժառանգութիւնը յարմարեցուի այսօրուայ Երեւանին եւ ամէնօրեայ կեանքի մաս դառնայ», եզրափակեց ան։