ԱՐԱՄ ՍԵՐԺ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ հայ մնալու ամենաազդու զէնքը վստահաբար հայկական դպրոցն է:
Հայկական դպրոցը օրհնեալ է, որովհետեւ հիմնադրուած է սուրբի մը՝ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, որ այբուբենի ստեղծումէն անմիջապէս ետք հիմնադրեց հայկական դպրոցը: Հայկական դպրոցը հարուստ է, որովհետեւ բաղկացած է 36 ադամանդներէ, որ կը կազմէն հայոց լեզուի գանձը:
Հայկական դպրոցը անառիկ է, որովհետեւ հաստաբուն կաղնիի մը պէս դիմացած ու տոկացած է պարսկական, արաբական, ռուսական, թրքական եւ այլ փոթորիկ-արշաւանքներու: Հայկական դպրոցը մարտիրոս է, որովհետեւ Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ այբուբենը սորվեցնելով իրենց փոքրիկներուն՝ հայ մայրեր ամբողջացուցին մարտիրոսացած հայ ուսուցիչներուն կտակը:
Եւ վերջապէս, հայկական դպրոցը աստուածատուր է, որովհետեւ տարագիր հայեր ամէն հայ եկեղեցւոյ կողքին հիմնեցին հայ դպրոց՝ ուսում, լոյս եւ մանաւանդ հայութիւն ու հայ ոգի ջամբելու նոր սերունդներուն:
45 տարիներ առաջ, Կլենտէյլի մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանիին տակ, վսեմ բարերարութեամբ Թիւֆէնքեան ընտանիքին՝ կը հիմնադրուէր Թիւֆէնքեան Ազգային մանկապարտէզը, որ բարձր պահելով Սուրբ Մեսրոպի վառած ջահը՝ կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ:
Երկու տարի առաջ, երբ մեր դուստրը սկսաւ յաճախելու Թիւֆէնքեան մանկապարտէզը, պա-տիւը ունեցանք մաս կազմելու այդ մեծ ընտանիքին, որ կարծես հայ ովասիս մըն է օտարութեան այս մեծ ովկիանոսին մէջ:
Մեր դուստրը ծնաւ հեռու Հայաստանէն, բայց ի պատիւ Թիւֆէնքեան վարժարանին Հայաստանը ծնաւ իր մէջ, եւ արդէն փոքր տարիքէն իր մէջ կ՛արմատաւորուի կրօնքը, հայութիւնը եւ նամանաւանդ հայ ոգին…
Եւ ահա՛ Թիւֆէնքեան մանկապարտէզի 45ամեակին առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել եւ երախտագիտութիւնս յայտնել Թիւֆէնքեան ընտանիքին, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր պաշտօնէութեան ընդհանրապէս, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն 45 տարի միշտ բարձր պահած են եւ պիտի շարունակեն պահել սուրբ Մեսրոպի ջահը…
Շնորհակալութիւն եւ վարձքերնիդ կատար: