ՀԱԼՊԷ, «Գանձասար».- Ուրբաթ, 17 Յունուարին, Սուրիոյ պետական լրատու «Սանա» գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Հալէպ նահանգի արեւմտեան շրջաններուն եւ հիւսիս-արեւմտեան արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Հալէպի Զահրաա թաղամասին ուղղութեամբ երեք հրթիռներ արձակեցին, որուն հետեւանքով արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ։
Մէկ օր առաջ, Հալէպի արեւմտեան շրջանէն կատարուած նման յարձակումի մը հետեւանքով առնուազն վեց քաղաքայիններ սպաննուած էին եւ առաւել քան 20 ուրիշներ վիրաւորուած Հալէպի Սըքքարի թաղամասին մէջ: Զոհերուն մէջ կային կիներ եւ մանուկներ:
Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր»ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ բանակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ երեք զոհեր տուած է։ Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած լուրին՝ 16 Յունուարին, ռումբերով բեռնաւորուած բեռնատարով մը յարձակում մը տեղի ունեցաւ թուրք զինուորներու մէկ պահակագունդին վրայ: