ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յատուկ քննչական ծառայութիւնը աւարտեց մեծ չափերով գումար վատնելու վերաբերեալ քրէական գործի քննութիւնը, որուն մէջ ներգրաւուած են նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Բարսեղ Բեգլարեան, Սերգօ Կարապետեան, Սամուէլ Գալստեան եւ Գէորգ Յարութիւնեան: Գործը՝ մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուեցաւ դատարան։
«Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցների համակցութեան հիման վրայ պարզուել է, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կազմակերպմամբ եւ «Ֆլեշ» ՍՊ ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանի դրդմամբ, ՀՀ նախկին գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սամուէլ Գալստեանի ու նոյն նախարարութեան բուսաբուծութեան վարչութեան պետ Գէորգ Յարութիւնեանի օժանդակութեամբ, ՀՀ նախկին գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի կողմից 2013 թուականի Յունուարի 25ից Փետրուարի 7ն ընկած ժամանակահատուածում Հայաստանի կառավարութեան պահուստային ֆոնդից վատնուել է պետական աջակցութեան ծրագրերի իրականացման ընթացքում իրացուած 15,391,765 լիտր դիզելային վառելիքի համար յատկացուած սուբսիդիայի (նպաստի-Խմբ.) առանձնապէս խոշոր չափերով գումարը՝ 489,160,310 դրամը», նշուեցաւ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Հայաստանի նախկին նախագահը կը մեղադրէ կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութեան կատարումը կազմակերպելու յանցանքով եւ անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է ստորագրութիւնը՝ չհեռանալու վերաբերող:
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեանի փաստաբանական խումբը յայտարարութիւն մը հրապարակեց եւ յայտնեց, որ տուեալները ցոյց կու տան յանցագործութեան դէպքի բացակայութիւնը, որովհետեւ գործին մէջ չկայ առերեւոյթ յանցանքի կատարման մասին վկայող բաւարար ապացոյցներու համակցութիւն։ Անոնք նաեւ կը պնդեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն՝ Հանրապետութեան նախագահը իր լիազօրութիւններու ժամկէտին մէջ եւ անկէ ետք չի կրնար հետապնդուիլ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ՝ իր կարգավիճակէն բխող գործողութիւններուն համար: Նաեւ՝ չկան բացարձակ փաստական տուեալներ, որոնք կրնան վարոյթ իրականացնող մարմինին յուշել Ս. Սարգսեանի առերեւոյթ ոչ-պատշաճ վարքագիծ դրսեւորելու հաւանականութեան մասին, ինչպէս նաեւ չկայ գէթ մէկ ապացոյց, որուն հիման վրայ քննիչը օրէնքով սահմանուած կարգով կրնայ արգելադրել անձին գոյքը:
Փաստաբանները նաեւ դիտել տուին, որ մերժուած են նաեւ պաշտպանական կողմին՝ բազմակողմանի առարկայական եւ լրիւ քննութիւն կատարելու, գործին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ապացոյցներ ձեռք բերելու եւ յստակ դատավարական որոշումներ տալու վերաբերող բազմաթիւ եւ բոլոր միջնորդութիւնները, «ինչը կրկին վերահաստատում է մեր այն համոզմունքը, որ ՀՀ երրորդ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ քրէադատավարական փաթեթաւորմամբ իրականացւում է քաղաքական հետապնդում»: