ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ սպաննուած զինուոր Սեւակ Պալըքճըի եւ Հրանդ Տինքի գործերով դատավարութիւններուն:
Պատրիարքարանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Սեւակ Պալըքճըի գործով տրուած դատավճիռին վերաբերեալ, նոյն ժամանակ նշելով, որ Տինքի սպանութեան գործին մէջ արդարութեան փնտռտուքները կը շարունակեն մնալ ապարդիւն:
«24 Ապրիլ 2011ին, զինուորական ծառայութեան ժամանակ դաժանաբար սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի գործով տրուած դատավճիռը մասամբ յագեցուցած է մեր արդարութեան ծարաւը: Հակառակ անոր, որ դատավճիռը ի վիճակի չէ ետ բերելու Սեւակը, այնուամենայնիւ, յանցանքի արձանագրումը եւ յանցագործին արժանի պատիժ տալը յուսադրող են մեր երկրի արդարադատութեան համակարգին համար: Արդիւնքը կարեւոր է այնքանով, որ Թուրքիոյ մէջ այն անձերը կամ խումբերը, որոնք ցեղապաշտութեան հողի վրայ սպանութիւններ կը գործեն՝ կարծելով, թէ անպատիժ պիտի մնան, այժմ պիտի փոխեն իրենց կարծիքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի. «Յոյս փայփայելով, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոյնպէս նման դատավճիռ պէտք է տրուի, անոր սպանութեան 13րդ տարելիցին առիթով անգամ մը եւս կը բարձրացնենք մեր արդարութեան պահանջը: Համոզում ունինք, որ արդէն ժամանակն է, որ ամբողջ աշխարհին առջեւ տեղի ունեցող այս արդարութեան փնտռտուքը աւարտի, որովհետեւ ուշացած արդարադատութիւնը արդարադատութիւն չէ: Յոյս ունինք, որ դատավարութեան ընթացքին տրուելիք վճիռը հպարտութեան առիթ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ արդարադատութեան համար»: